ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բոլոր յանձնառութիւններուն։ «Մենք հաւատարիմ ենք Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման մեր բոլոր յանձնառութիւններուն՝ գոյութիւն ունեցող համաձայնութիւններու շրջանակներէն ներս։ Աշխուժօրէն կը փորձենք սատարել իրականութեան մէջ այս շատ բարդ խնդրի՝ լիարժէք ձեւաչափով կարգաւորման», ըսաւ Մարիա Զախարովա։

Ինչպէս ծանօթ է, Արտաքին գործոց նախարար  Մեւլիւտ Չավուշօղլու նախընթաց օր Մոսկուայի մէջ տեսակցած էր Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Մարիա Զախարովային հարց տրուեցաւ, թէ արդեօք Չավուշօղլու-Լաւրով հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուա՞ծ էր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ի պատասխան՝ Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Ռուսաստան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարագաւորման հարցը պարբերաբար կը քննարկէ իր գործընկերներուն հետ։ «Նիւթը կը քննարկուի մեր շարք մը գործընկերներուն հետ։ Խօսքը թէ՛ համանախագահներու եւ թէ տարածքաշրջանի երկիրներու մասին է։ Սա բնական է, սա դիւանագիտական աշխատանքի մաս կը կազմէ», ըսաւ Զախարովա։

Լրագրողներ երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին փորձեցին նաեւ Մարիա Զախարովայի տեսակէտը շօշափել՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ այս օրերուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ տրուած այցելութեան շուրջ։ Յամենայնդէպս, ռուս բանբերը բաւարարուեցաւ յայտնելով, որ այդ մասին պէտք է խօսի Ուաշինկթըն։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՇԱՒԱՐՇ ՔՈՉԱՐԵԱՆ

Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան եւս երէկ անդրադարձաւ Բակօ Սահակեանի Ուաշինկթըն ուղեւորութեան։ Փոխ-նախարարին խօսքերով, ԱՄՆ ունի իր ուրոյն մօտեցումը Արցախի նկատմամբ։ Ըստ Շաւարշ Քոչարեանի Արցախ գործնականօրէն անկախ պետութիւն մըն է, կը վարէ իր արտաքին քաղաքականութիւնը, ինչ որ բնական է, սակայն սահմանափակ է, որովհետեւ տակաւին չունի միջազգային ճանաչում։

«Ամէն պարագայի մէջ այցելութիւնը չափազանց կարեւոր է», ըսաւ Շաւարշ Քոչարեան եւ հարցումի մը պատասխանելով բնական համարեց նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ այս այցելութեան դէմ ցուցաբերուած հակազդեցութիւնը։

Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան Շաւարշ Քոչարեան ընդգծեց, որ ԱՄՆ ուրոյն մօտեցում մը ունի Արցախի նկատմամբ, որովհետեւ անոր կը նախատեսէ պիւտճէի մէջ հաստատուած ձեւով օգնութիւն։ Այդ տեսակէտէ Ուաշինկթըն առանձնայատուկ է։ Սա կը նշանակէ, որ ԱՄՆ, ընդհանուր առմամբ, շատ աւելի բազմաշերտ, բազմազան մօտեցում ունի արտաքին յարաբերութիւններու մէջ, ինչ որ պայմանաւորուած է նաեւ Քոնկրէսի ինքնուրոյնութեամբ։ Քոնկրէսէ ներս կրնան արտայայտուիլ այնպիսի միտքեր, որոնք շատ յաճախ չեն համընկնիր Սպիտակ տան հետ։ Սա կրնայ ինչ որ չափով ազդել քաղաքականութեան վրայ։ «Այս առումով ԱՄՆ աւելի ճկուն է», ըսաւ Շաւարշ Քոչարեան։

Միեւնոյն ժամանակ փոխ-նախարարը յայտնեց. «Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք Ատրպէյճանի որեւէ սադրանքին»։ Ըստ Շաւարշ Քոչարեանի, Հայաստան կը հետեւի 12 Մարտէն ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած զօրավարժութիւններուն։ Ան համոզուած է, որ պէտք է միշտ ուշադիր ըլլալ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն կապակցութեամբ։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Միւս կողմէ, երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ՝ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան հեռանկարները. Տեղական եւ միջազգային տեսանկիւններ» խորագրեալ միջազգային գիտաժողով մը։ Այս գիտաժողովի կազմակերպիչներու շարքին էր «Կովկաս» վերլուծական կաճառը։ Գիտաժողովի մասնակիցներու շարքին էր «Քարնեկի-Եւրոպա» հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Թոմաս տը Վաալ, որ ծանօթ է Արցախի հիմնախնդրի վերաբերեալ իր աշխատութիւններով։ Տը Վաալ այս առթիւ ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունի քոնսենսիւս մը։ «Կան որոշ նրբութիւններ, մարտավարական տարբերութիւններ, սակայն հակամարտութեան վերջնական լուծման հարցին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու դիրքորոշումներուն միջեւ տարբերութիւններ չկան», ըսաւ Թոմաս տը Վաալ։ Հաւաքոյթի ընթացքին ան յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի վերջնական նպատակները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ նոյնն են։

Իր կարգին, «Կովկաս» կաճառի տնօրէն Ալեքսանտր Իսքանտարեան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորում չ՚ակնկալեր։ Իր կարծիքով, հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները արդիւնաւէտ չեն կրնար ըլլալ, եթէ չպահպանուի հրադադարի դրութիւնը։ Ան աւելցուց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ալ պէտք է այս ուղղութեամբ աւելցնեն ճնշումները։

Ալեքսանտր Իսքանտարեան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ Ատրպէյճանէ ներս պաշտօնական հակահայկական հռետորաբանութիւնը կը խորանայ։ Իր խօսքերով՝ բարդ է Ատրպէյճանի գործողութիւնները անուանել պատահական։ Արդարեւ, Պաքու մտածուած քաղաքականութիւն կ՚իրականացնէ՝ փորձելով շարունակել բանակցութիւնները մէկ կողմէ եւ միւս կողմէ ուժի օգնութեամբ ճնշում գործադրել հայկական կողմին վրայ։ Միայն այսպէս է, որ Ատրպէյճան կրնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վրայ հրաւիրել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը եւ ազդեցութեան որոշ լծակներ ունենալ։

Յամենայնդէպս, Ալեքսանտր Իսքանտարեան ընդգծեց, որ յառաջիկայ տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը կը մնայ նոյնը։ Այսինքն, կ՚ըլլան բանակցութիւններ, երբեմն շփման գծի վրայ կը պատահին սրացումներ, իսկ միջազգային հանրութիւնը կը շարունակէ աշխատանքները հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար։ Այնուամենայնիւ, անհաւանական է, որ հակամարտութիւնը լուծում ունենայ կարճ ժամանակի ընթացքին։ Վերլուծաբանը ընդգծեց, որ բանակցութիւնները դիւրին չեն ըլլար, սակայն անոնց այլընտրանքը պատերազմն է։

Երէկուան գիտաժողովին մասնակից օտար վերլուծաբաններն ալ յայտնեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու դիրքորոշման փոփոխութիւն չեն ակնկալեր։

ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Միւս կողմէ, 14 Մարտին, Բակօ Սահակեան այցելեց ԱՄՆ-ի Քոնկրէսը՝ շեշտելով Արցախի ժողովուրդի անկախ, ինքնավար եւ ժողովրդավար հանրապետութիւն մը կերտելու ջանքերուն աջակցելու կարեւորութիւնը։

Նախագահը հանդիպում ունեցած է Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի անդամներուն ու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի խումբ մը անդամներու հետ, եւ քննարկած է Արցախ-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն, Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածքաշրջանային գործընթացներուն վերաբերեալ հարցեր:

Այնուհետեւ, Քոնկրէսին մէջ կազմակերպուած է ընդունելութիւն մը՝ նուիրուած Արցախեան շարժման 30-րդ տարեդարձին, որուն բացումը կատարած է Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոն: Ընթացքին ելոյթներ ունեցած են Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Վալատաօ, փոխ-ատենապետ Էտըմ Շիֆ եւ քոնկրէսականներ Տէյվիտ Սիսիլին, Ճիմ Քոսթա, Աննա Էշու եւ Պրէտ Շըրմըն։

Իր խօսքին մէջ նախագահը կարեւոր համարած է ԱՄՆ-ի օրէնսդիր բարձրագոյն մարմնին հետ կազմակերպուած հանդիպումները՝ նշելով, որ անոնք նաեւ կը բարձրացնեն մեր պատասխանատուութեան աստիճանը յամառ ու քրտնաջան աշխատանք իրականացնելու եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի խորացնելու ու զարգացնելու գործին մէջ:

Ան շեշտած է, թէ ԱՄՆ-ը կը նկատէ իբրեւ բարեկամ երկիր, որ միլիոնաւոր հայերու համար դարձած է երկրորդ հայրենիք՝ դրուատելով Արցախի «ազնիւ եւ անշահախնդիր բարեկամներ»ը, որոնք արդէն իսկ երկար տարիներէ ի վեր Արցախի հետ են, կ՚աջակցին անոր ժողովուրդին եւ աշխարհին ճշմարիտ տեղեկութիւններ կը ներկայացնեն Արցախի մասին:

Նախագահը արժեւորած է Ուաշինկթընի շօշափելի դերակատարութիւնը՝ տարածքաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման եւ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ ու արդարացի կարգաւորման գործին մէջ:

Այս առիթով, Սահակեան Արցախի Հանրապետութեան պետական պարգեւներ յանձնած է խումբ մը քոնկրէսականներու եւ ծերակուտականներու՝ Արցախին սատարելու եւ Արցախ-ԱՄՆ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ շօշափելի ներդրում ունենալու համար:

Ուրբաթ, Մարտ 16, 2018