ԵՐԵՒԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԻՐԱԶԵԿՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիոյ հետ 2009 թուականին ստորագրուած եւ բոլորովին վերջերս առ ոչինչ հռչակուած արձանագրութիւններուն մասին։ 
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան նիստը։ Ժողովէն վերջ Շաւարշ Քոչարեան զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան այս առթիւ ըսաւ.

«Արձանագրութիւններու ետ կանչուելէն վերջ նախ կատարուած է նախագահին յանձնարարականը առ այն, որ թրքական կողմը տեղեակ պահուած է այս մասին, ինչ որ կը բխի նաեւ միջազգային իրաւունքէն։ Միեւնոյն ժամանակ յիշեցնեմ, որ հայկական կողմը յայտարարած է, որ միշտ ալ պատրաստ է բանակցութիւններու՝ կարգաւորելու համար յարաբերութիւնները, բայց առանց նախապայմաններու։ Այդ ուղղութեամբ մենք որեւէ առաջարկ չենք ստացած Թուրքիայէն»։

Ուրբաթ, Մարտ 16, 2018