ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՖՈՐՈՒՄ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պաքուի մէջ կազմակերպուած վեցերորդ Համաշխարհային ֆորումին ընթացքին։ Այս առթիւ ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ ուժանիւթի բնագաւառի վերաբերեալ ծրագրերուն։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իլհամ Ալիեւ ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ կը կառուցեն կազի հարաւային խողովակաշարը, որ կը միացնէ եօթ երկիր։

«Վրաստանի եւ Թուրքիոյ հետ միասին կեանքի կոչեցինք կարեւոր ծրագրեր։ Հիմա ա՛լ աւելի մեծ ծրագրեր կ՚իրականացնենք։ Կը կառուցենք կազի հարաւային միջանցքը, որ կը միացնէ եօթ երկիրներ։ Սա մօտաւորապէս 40 միլիառ ամերիկեան տոլար արժողութեամբ նախագիծ մըն է։ Այս ծրագրին շնորհիւ Ատրպէյճանի բնական կազը պիտի փոխադրուի Եւրոպա։ Այս տարի պիտի կատարենք TANAP-ի բացումը։ Ամէն ինչ կ՚ընթանայ նախատեսուած հունին մէջ, ըստ ծրագրուած ձեւին։ Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաստատուած համագործակցութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ոչ միայն այս երեք երկիրներուն, այլ՝ ամբողջ տարածքաշրջանին համար», ըսաւ Ալիեւ։

Պաքուի ֆորումին ժամանակ Իլհամ Ալիեւ յիշեցուց, որ անցեալ տարուան Հոկտեմբերին բացումը կատարուած էր Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիին։ Այս վերջինը Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ ամենակարճ փոխադրութեան ուղղութիւնը դարձած է։ «Վեց ամիս անցած է եւ ծրագրին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը մեծ է։ Շահագործումը հետզհետէ կ՚աւելնայ», ըսաւ Ալիեւ եւ աւելցուց, որ աշխատանք պիտի տանին՝ որպէսզի այս ծրագիրը ձեռնտու ըլլայ ոչ միայն փոխադրութեան ժամկէտի տեսակէտէ, այլ նաեւ գիներու յարմարութեան առումով։ Ալիեւ ընդգծեց, որ Ատրպէյճան մասնակցութիւն կը բերէ շարք մը միջազգային ծրագրերու, որոնց շնորհիւ իր երկիրը Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ կը հանդիսանայ քաղաքակրթութեան կամուրջ մը։

Ուրբաթ, Մարտ 16, 2018