ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ՔԱՅԼ

Հայաստանի մէջ կառավարութիւնը կը շարունակէ խրախուսել ծնելիութիւնը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան վերջերս այս տեսակէտէ յատկանշական այցելութիւն մը տուաւ Պեժանեան ընտանիքին։ Հարկ է նշել, որ այս ընտանիքը վերջերս բախտաւորուած է 12-րդ զաւակով։ Բազմազաւակ ընտանիքի յարկէն ներս Աննա Յակոբեան շնորհաւորութիւններ յղեց բոլորին, զրուցեց ծնողներուն եւ երեխաներուն հետ։

Աննա Յակոբեան, որ «Իմ քայլը» եւ «City of Smile/Ժպիտներու քաղաք» բարեգործական հիմնարկներու հոգաբարձուներու խորհուրդը կը գլխաւորէ, այս այցելութեան առթիւ ըսաւ. «Անչափ ուրախ եմ, որ այցելեցի ձեզի։ Շատ ուրախ եմ, որ մեր երկրին մէջ կան ձեզի պէս մայրեր։ Կը շնորհաւորեմ եւ ամենայն բարիք կը մաղթեմ ձեզի եւ ձեր բազմանդամ ընտանիքին»։

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2020