ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ՅԱՋՈՐԴ ԱՄԻՍ ՀԱՆԴԻՊԻԼ ԵՐԵՒԱՆԻ ՆՈՐ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը նախատեսեն յառաջիկայ ամիս հանդիպիլ Հայաստանի նոր ղեկավարութեան հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ հանդիպում մը ունեցան Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Կողմերը քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ գործընթացը յառաջ մղելու ուղիները։ Անճէյ Կասպրչիկ անդրադարձաւ շփման գծի վրայ տիրող յարաբերական կայունութեան։ Էլմար Մամէտեարով արտայայտեց Պաքուի պատրաստակամութիւնը՝ որպէսզի հնարաւորինս արագ վերսկսին աշխոյժ բանակցութիւնները։ Ներկայ պայմաններով միջնորդները կը նախատեսեն Հայաստանի նոր ղեկավարութեան հետ հանդիպիլ Յունիսին։ Միւս կողմէ, ներկայ ամսավերջին Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը պատրաստուին համատեղ ռազմափորձեր իրականացնել Կարսի մէջ։

Հայաստանի նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնի կոչուելէ վերջ իր առաջին այցելութիւնը տուած էր Արցախ եւ արտայայտած իր պատկերացումները՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Ան կարեւորած էր Ստեփանակերտի վերադարձը բանակցային սեղան։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018