ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՌԷՅՔԱՒԻՔԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Իզլանտա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ռէյքաւիքի մէջ ան կը մասնակցի Եւրոխորհուրդի 4-րդ գագաթաժողովին։ Նախատեսուած են նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի կարգ մը երկկողմանի հանդիպումները միջազգային գործընկերներու հետ։

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2023