ԱՓՐԻԿԷԻ ԳԾՈՎ ՔԱՅԼԵՐ

Ատիս Ապապայի մօտ Հայաստանի դեսպան Սահակ Սարգսեան նախընթաց օր պաշտօնապէս հաւատարմագրուեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի Ափրիկէի հարցերով տնտեսական յանձնաժողովի (UNECA) գործադիր քարտուղարութեան մօտ, որու հիւրընկալ երկիրն է Եթովպիան։ Նկատի ունենալով, որ կառոյցի կեդրոնատեղին Ատիս Ապապայի մէջ կը գտնուի՝ Սահակ Սարգսեան Եթովպիոյ իշխանութիւններուն իր հաւատարմագիրը յանձնելէ վերջ այս կառոյցին մօտ ալ հաւատարմագրուած է։ Ան նախընթաց օր ընդունուեցաւ գործադիր քարտուղար Քլեւր Կաթեթէի կողմէ, որուն յանձնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին նամակը։ Այսպէսով Սահակ Սարգսեան UNECA-ի մօտ հաւատարմագրուեցաւ՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ։

Հաւատարմագրի յանձնման արարողութեան ընթացքին գործադիր քարտուղարը Սահակ Սարգսեանը շնորհաւորելով մաղթեց յաջողութիւններ։ Դեսպան Սարգսեան շեշտեց, որ Երեւան առանձնայատուկ նշանակութիւն կու տայ Ափրիկէի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու աշխուժացման։ Հայաստան կը ձգտի տարածաշրջանէն ներս ընդլայնել իր ներգրաւուածութիւնը։

Զրոյցի տեւողութեան կողմերը քննարկեցին ներկայ համագործակցութիւնն ու հեռանկարները։ Անոնք մատնանշեցին տարածաշրջանէն ներս կայուն զարգացման ուղղութեամբ ջանքերը համադրելու անհրաժեշտութիւնը՝ ի աջակցութիւն Ափրիկէի՝ իրագործելու համար ՄԱԿ-ի 2030 եւ Ափրիկէի 2063 թուականներու թիրախաւորմամբ որդեգրուած զարգացման օրակարգերը։

Ուրուագծուեցան ապագայ համագործակցութեան ուղղութիւնները՝ մասնաւորապէս հիմնուած UNECA-ի եւ Հայաստանի Յառաջատար թեքնոլոժիներու ձեռնարկութիւններու միութեան եւ այլ հիմնադրամներու միջեւ ստորագրուած յուշագրերու դրոյթներուն վրայ։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024