ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան Պաքուի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճան եւ Եւրոմիութիւնը ներկայիս կը քննարկեն ռազմավարական համագործակցութեան նոր համաձայնագիր մը կնքելու հնարաւորութիւնը։ Կողմերու օրակարգին վրայ է նաեւ փոխադրութեան, առեւտուրի եւ այլ բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով քանի մը օր առաջ յայտնած էր, որ կողմերը կը փափաքին նոր համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները աւարտել մինչեւ այս տարեվերջին նախատեսուած Եւրոմիութեան գագաթաժողովը։ 

Ուրբաթ, Յունիս 16, 2017