ԱՆՇԵՂ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գագաթաժողովը։ Ուաշինկթըն-Պրիւքսել առանցքին վրայ նոր իրավիճակ մը ապահովեց այս հանդիպումը, որովհետեւ վերջին տարիներուն Ատլանտեանի երկու ափերուն միջեւ ներդաշնակութիւնը եւ համագործակցութիւնը նախկին մակարդակէն ու ոգիէն որոշ չափով հեռացած էր։ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ մէկտեղուեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ ԵՄ եւ ԱՄՆ համաձայնած են՝ ամբողջ աշխարհէ ներս աշխուժացնելու համար իրենց արժէքներու քարոզչութիւնը։

ԵՄ-ԱՄՆ գագաթաժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ էին նաեւ Թուրքիոյ վերաբերեալ հարցեր։ Անգարա-Պրիւքսել առանցքին վրայ վերջին շրջանին բաւական բարդ կացութիւն մը ստեղծուած է։ Եւրոպական կողմը նոյնիսկ չէր թաքցներ, թէ այդ հարցերու լուծման հետամուտ ըլլալ կը ձգտի՝ Ուաշինկթընի ղեկավարութեան հետ համակարգուած ձեւով։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ԵՄ այս ուղղութեամբ արդէն անհրաժեշտ ազդանշանը ունեցած է ԱՄՆ-էն։ Պրիւքսելի երէկուան գագաթաժողովէն վերջ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան մէջ մատնանշուած է, որ ժողովրդավարական Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան եւ փոխադարձ շահաւէտ յարաբերութեան մը նպատակը կը հետապնդուի։ Անդրադարձ կատարուած է այն բոլոր կէտերուն, որոնք ունին տարածքաշրջանային բնոյթ եւ անմիջականօրէն կը հետաքրքրեն Թուրքիան։

Պրիւքսելի երէկուան գագաթաժողովէն առաջ յայտարարուած էր, որ Պայտըն եւ ԵՄ-ի ղեկավարները կ՚անդրադառնան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին։ Գագաթաժողովին յաջորդած հաղորդումներուն մէջ առայժմ կը պակսին համապատասխան մանրամասնութիւնները։

Ճօ Պայտըն երէկուան գագաթաժողովի աւարտին Պրիւքսելէն անցաւ Ժընեւ, ուր այսօր ժամադրուած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած է այս կարեւոր տեսակցութեան վրայ։ Նախապէս յայտարարուած էր, որ երկու ղեկավարներու ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Մինչ այդ, Պայտըն-Փութին հանդիպման հիւրընկալ երկրի՝ Զուիցերիոյ նախագահ Կի Փարմելէն երէկ կարեւորեց Մոսկուայի դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի հաստատման ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 16, 2021