ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՏՆՕՐԷՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առընթեր գործող «Գրիգոր եւ Քլարա Զօհրապ» տեղեկատուութան կեդրոնի տնօրէն նշանակուեցաւ Ճեսի Էրլըն։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան այս առթիւ յայտնեց, որ նորանշանակ տնօրէնը հեղինակաւոր ակադեմական մըն է հայկական Աստուածաբանութեան եւ քրիստոնէութեան վաղ շրջանի վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններու շուրջ։ Ան UCLA-է ներս մասնագիտացած է Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթներու վրայ՝ տոքթորականը ընելով հայկական հետազօտութիւններու ուղղութեամբ։ Այս նշանակումը կատարուած է Արեւելեան թեմի առաջնորդարանի եւ Ֆորտըմի համալսարանի համախոհութեամբ։

Նորանշանակ տնօրէնն ալ յայտնեց, որ այս առաքելութեան ստանձնումը պատիւ մըն է իրեն համար։ Սա նաեւ հնարաւորութիւն մըն է յանձնառու ըլլալու համար հետազօտութիւններու, ուսուցումներու եւ այլ ծրագրերու՝ հայ քրիստոնէական մշակոյթի, Աստուածաբանութեան, պատմութեան, լեզուի եւ գրականութեան ուղղութեամբ։ Էրլըն յայտնեց, որ ապագային համագործակցութեան հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին Ֆորտըմի համալսարանի եւ Ս. Ներսէս ընծայարանի հետ, որ Արեւելեան թեմի առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ կը գործէ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 16, 2021