ՇՈՒՇԻԻ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Շուշիի մէջ բանակցութիւններ վարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ նախագահ Էրտողան անգամ մը այցելած էր Ատրպէյճան, ուր Ալիեւի հետ մասնակցութիւն բերած էր Պաքուի մէջ կազմակերպուած յաղթանակի շքերթին։ Երէկուանը իր երկրորդ այցելութիւնն էր դէպի Ատրպէյճան, այս անգամուանը արդէն պաշտօնական։ Պրիւքսելի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին մասնակցելէ վերջ Էրտողան ուղեւորուեցաւ Պաքու։ Այս ուղեւորութեան առանձնայատկութիւնը այն էր, որ Հանրապետութեան նախագահը այցելեց Լեռնային Ղարաբաղ։ Էրտողան եւ Ալիեւ երէկուան բանակցութիւններէն վերջ հրապարակեցին Շուշիի հռչակագիրը։ Սա Անգարա-Պաքու համագործակցութեան նոր հորիզոններու բանաձեւումը կը համարուի եւ կ՚ընդգրկէ նաեւ Երեւանին հասցէագրուած զանազան պատգամներ։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի եւ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնները երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկան՝ հակազդելով Էրտողանի եւ Ալիեւի դէպի Շուշի այցելութեան դէմ։ Մինչ այդ, նախագահ Էրտողան տեղեկացուց, որ Թուրքիա կը պատրաստուի հիւպատոսարան մը բանալ Շուշիի մէջ։

Էրտողանի եւ Ալիեւի հրապարակած հռչակագրին մէջ պատմական կարեւորութիւն վերագրուած է անոնց հանդիպման Շուշիի մէջ կայացման փաստին։ Քաղաքը որակուած է թրքական աշխարհի վաղեմի մշակութային օրրաններէն մին։ Շուշիի հռչակագրին մէջ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան վերահաստատած են իրենց հաւատարմութիւնը 1921 թուականի Կարսի համաձայնութեան նկատմամբ։

Հռչակագրին մէջ կողմերը մեծ հպարտութեամբ արձանագրած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի՝ 44 օր տեւած երկրորդ պատերազմէն Ատրպէյճան յաղթական դուրս եկած է, այսպէսով կասեցուցած՝ Հայաստանի 30 տարուայ նախայարձակ քաղաքականութիւնը, ազատագրած է տարածքները, վերահաստատած է պատմական արդարութիւնն ու միջազգային իրաւունքը։ Ատրպէյճան բարձր արժէք կը վերագրէ Թուրքիոյ կողմէ ցուցաբերուած բարոյական-քաղաքական զօրակցութեան՝ իր տարածքային ամբողջականութեան ապահովման նպատակով։ Կողմերը Կովկասի տարածքաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման, տնտեսական ու փոխադրութեան բոլոր հաղորդակցութիւններու վերստին ապահովման, տարածքաշրջանի պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ ընդգծած են իրենց յանձնառութիւնը՝ երկարաժամկէտ խաղաղութեան նպատակով ջանքերու հետամուտ ըլլալու համար։ Այս ամբողջին մէջ հաշուի կ՚առնուի աշխարհագրական առանձնայատուկ դիրքը Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան, որ կը պատկանի Ատրպէյճանին։

Կողմերը անդրադարձած են Ատրպէյճանի ազատագրուած տարածքներէն ներս ստեղծուած Թուրքիա-Ռուսաստան մշտադիտարկման համատեղ կեդրոնի գործունէութեան։ Այդ ամբողջին մէջ շեշտադրուած է Թուրքիոյ կարեւոր դերակատարութիւնը՝ տարածքաշրջանի խաղաղութեան, կայունութեան եւ անդորրութեան ապահովման համար։ Կողմերը նշած են, որ հայկական բռնագրաւումէ ազատագրուած շրջաններէ ներս պիտի խրախուսեն կեանքի բնականոնացումը՝ ներառեալ ականազերծման աշխատանքները։

Հռչակագրին մէջ մասնաւոր անդրադարձ կատարուած է ուժանիւթի բնագաւառին։ Ընդգծուած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յառաջատար դերակատարութիւնը՝ Հարաւային կազի միջանցքի կեանքի կոչման ուղղութեամբ։ Սա կը նպաստէ տարածքաշրջանի եւ Եւրոպայի ուժանիւթի անվտանգութեան եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունի՝ բնական կազի պաշարներու եւ ուղղութիւններու բազմազանութեան ապահովման առումով։ Ուստի, այս միջանցքի ազդու ձեւով օգտագործման ու ա՛լ աւելի զարգացման ուղղեալ ջանքերը համակարգուած ձեւով պիտի շարունակուին։

Շուշիի հռչակագիրը մասնաւոր բաժին մը կ՚ընդգրկէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման կապակցութեամբ։ Այդ միջանցքը Ատրպէյճանի արեւելեան շրջանները եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը կը միացնէ։ Ան նաեւ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը կամրջէ։ Ըստ հռչակագրին, միջանցքի բացման ի շարունակութիւն պիտի կառուցուի Նախիջեւան-Կարս երկաթուղին, ինչ որ կարեւոր նպաստ մը պիտի ապահովէ երկու երկիրներու միջեւ փոխադրութեան ու հաղորդակցութեան յարաբերութիւններու խտացման տեսակէտէ։

Հռչակագրին մէջ առանձնայատուկ շեշտուած է, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի սփիւռքներու համագործակցութիւնը պիտի սերտացուի եւ անոնց ջանքերը պիտի միացուին, պիտի համակարգուին։ Հռչակագրին մէջ կողմերը նշած են, որ Հայաստանի կողմէ Թուրքիոյ դէմ յառաջ քշուած ցեղասպանութեան անհիմն պնդումները կ՚աղաւաղեն պատմութիւնը, կը քաղաքականացնեն պատմութիւնը ու կը վնասեն տարածքաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան։ Հռչակագրին մէջ կրկնուած է թրքական կողմի առաջարկը, որպէսզի բոլոր արխիւները բացուին եւ պատմաբանները հետազօտութիւններ կատարեն։

Հռչակագրին մէջ շեշտուած է, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան պիտի շարունակեն համակարգուած գործունէութիւն ծաւալել արտաքին քաղաքականութեան, զինեալ ուժերու եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուղղութիւններով։ Համակարգուած ձեւով աշխատիլ պիտի շարունակեն նաեւ երկու երկիրներու անվտանգութեան խորհուրդները։

Ըստ տեղական մամուլին, Էրտողան Շուշիի մէջ կոչ ուղղած է, որպէսզի Հայաստան չմսխէ այժմու հնարաւորութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 16, 2021