ՓՈԽԱՆՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՃ

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեան յայտարարեց, որ փոխանցումներու մեծ հոսք մը կը նկատուի դէպի երկիր։ Մասնաւորապէս այս առումով աշխուժութիւն մը խնդրոյ առարկայ է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մարթին Գալստեան բացատրեց, որ փոխանցումներու աճը, բնականաբար դրական ազդեցութիւն կը գործէ տնտեսութեան վրայ։ Ըստ իրեն, այս հանգամանքը պայմանաւորուած է ԱՄՆ-ի տնտեսական քաղաքականութիւնով, որով նախատեսուած է հսկայական օժանդակութիւն տրամադրել իր քաղաքացիներուն։ «Բնականաբար ԱՄՆ-ի քաղաքացիներու շարքին կան մարդիկ, որոնք կապուած են Հայաստանի հետ, ունին տնտեսական շահեր մեր երկրէն ներս եւ տրամադրուած այդ օժանդակութեան մէկ մասը կը հոսի դէպի Հայաստան», ըսաւ Մարթին Գալստեան եւ աւելցուց, որ փոխանցումներու ներհոսքի բարձրացում կ՚ակնկալուի նաեւ Ռուսաստանէն։ Արդարեւ, փետրուար եւ մարտ ամիսներուն Հայաստանէն Ռուսաստան մեկնած են մեծ թիւով մարդիկ, որոնք արտագնայ աշխատանքով կը զբաղին։

Յառաջիկայ շրջանի վերաբերեալ կանխատեսումներով ալ հանդէս եկաւ Մարթին Գալստեան, ըստ որու Կեդրոնական դրամատունը վերատեսութեան ենթարկած է իր գնահատականները ու կը նախատեսէ 4.6 տոկոս տնտեսական աճ։ Վարկերու տոկոսադրոյքներու որոշակի բարձրացումներ ալ հաւանական են։ Ըստ իրեն, կարճաժամկէտ հատուածի մէջ կը կանխատեսուի գնաճի բարձր մակարդակ մը, սակայն այնուհետեւ՝ կ՚ենթադրուի աստիճանական նուազում եւ կայունացում։

Չորեքշաբթի, Յունիս 16, 2021