«Ա­ՆՈՆՔ ԱԼ ՄԵՐ ԶԱ­ՒԱԿ­ՆԵՐՆ ԵՆ»

Շաբաթ երեկոյեան ժամերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին վերադառնալէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ հակիրճ խօսքով հանդէս եկաւ հաւատացեալներուն առջեւ։

Սիրելի հաւատաւոր զաւակներ,

Խորապէս զգածուած եմ ձեր ազնուութենէն, անհանգստանալու ոչինչ կայ:  Մեկնած էինք ուխտի՝ Սուրբ Գնդեվանք, արդէն դուք տեսաք հաւանաբար եղածը, եւ այդ է պատճառը, որ համախմբուած էք հոս, ճանապարհին նոյնպէս՝ Խոր Վիրապի քով մեր հաւատաւոր զաւակունք նոյնպէս դուրս ելած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու մեզի եւ իրենց անհանգստութիւնը փոխանցելու կատարուածի առընչութեամբ: Իրապէս, մտահոգուելու ոչ մէկ պատճառ կայ, փորձ ըրած են խափանել մեր վերադարձը, գոցել մեր ճանապարհը եւ մենք չկարողանանք վերադառնալ Սուրբ Էջմիածին: Ճանապարհը քարերով գոցած էին, բայց ոստիկանները եկան, հեռացուցին քարերը, արգելափակուած էր նաեւ մեր ինքնաշարժը  եւ մենք որոշ հատուած մը  ստիպուած եղանք քալել, մինչեւ կարողանանք ոստիկաններու եւ քաղաքային իշխանութեանց ինքնաշարժին հասնիլ, եւ նստանք այդ ինքնաշարժը, եկանք եւ ահա այստեղ ենք, Փառք Աստուծոյ:

Անոնք ալ մեր զաւակներն են, յուսանք, որ կ՚անդրադառնան եւ Աստուծոյ ողորմած կամքով կը հանդարտին իրենք ալ, խաղաղութիւն կը գտնեն իրենց հոգւոյն մէջ եւ մենք պիտի շարունակենք մեր ծառայութիւնը, բնականոն մեր կեանքը եւ պիտի փորձենք Աստուծոյ ողորմած կամօք եւ Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ մեր օգտակարութիւնը բերել մեր ազգի զաւակներուն, մեր եկեղեցւոյ ճանապարհին: Կրկին մեր գնահատանքը, մեր օրհնութիւնը՝ ձեզի, խորապէս զգածուած ենք, Աստուած օրհնէ ձեզ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 16, 2018