ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ երեկոյեան, Հայաստանի Հանրապատութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համացանցի վրայ ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ՝ պատասխանելով երկրի օրակարգի զանազան նիւթերու վերաբերեալ հարցումներու։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ նաեւ եկեղեցական կեանքի վերջին իրադարձութիւններուն։ Վարչապատ Փաշինեան այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ հետեւեալ մեկնաբանութիւններով։

-Ինչպէ՞ս կը վերաբերիք Մայր Աթոռի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին:

-Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, անկեղծ ըսած, որոշակի տհաճ մթնոլորտ կը ստեղծէ այն առումով, որ դրսեւորումներ կ՚ըլլան, որոնք այնքան ալ հասկնալի չեն: Ես ոստիկանութեան յանձնարարած եմ շատ ուշադիր ուսումնասիրել վերջին միջադէպը, որ տեղի ունեցած է Վայոց Ձորի մարզին մէջ եւ շատ ուշադիր գնահատել։ Եթէ Վեհափառի դէմ բողոքողներու գործողութիւնները որեւէ գիծեր անցած են, ապա ատոնք պէտք է յստակ արձագանգ ստանան:

Ինչ կը վերաբերի իրավիճակին եւ կառավարութեան միջամտութեանը, ապա համոզուած եմ, որ կառավարութիւնը եկեղեցւոյ ներեկեղեցական հարցերուն պէտք չէ միջամտէ: Իսկ ես ասիկա կը նկատեմ ներեկեղեցական հարց, քանի որ կը տեսնեմ, որ կազմակերպողներու մէջ կան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ գործող հոգեւորականներ եւ հոգեւոր դասի հետ կապ ունեցող մարդիկ: Եւ եթէ անկեղծ ըլլամ, ապա Վեհափառ Հայրապետին ի պաշտպանութիւն հանդէս եկող կարգ մը հոգեւորականներու յայտարարութիւններ լսելով, ես պարզապէս կ՚ապշիմ, որովհետեւ անոնք, իբր հանդէս գալով Վեհափառ Հայրապետին ի պաշտպանութիւն, յայտարարութիւններ կ՚ընեն, խելացի մարդն ալ կը հասկնայ, որ այդ յայտարարութիւնները կ՚ընեն կրակի վրայ իւղ լեցնելու համար:

Տեղի ունեցողի բովանդակութիւնը, չափերը ինծի թոյլ կու տայ եզրակացնել, որ մենք հոս ներեկեղեցական խնդրի հետ գործ ունինք, իմ տպաւորութեամբ առայժմ ատիկա դուրս չէ ելած եկեղեցւոյ սահմաններէն եւ չէ դարձած հանրային հարց, որպէսզի կառավարութիւնը որեւէ դիրքորոշում արտայայտելու անհրաժեշտութիւն ունենայ: Բայց, ինչ խօսք, այդտեղ օրէնքի պաշտպանութեան հարցին մէջ կառավարութիւնը իր ընելիքը անպայման պէտք է ընէ, որպէսզի մենք չունենանք իրավիճակներ, որոնք Հայաստանի մէջ հաստատուած սիրոյ եւ համերաշխութեան մթնոլորտը, այն ալ՝ եկեղեցւոյ հետ կապ ունեցող մարդոց կողմէ խաթարուի: Մենք ատիկա ուղղակի չենք ձգեր, դուք գիտէք, որ ոստիկանութիւնը մէկ անգամ գործողութիւն իրականացուցած է՝ Մայր Աթոռի մէջ զբաղեցուած տարածքը ազատելու ուղղութեամբ, եւ անհրաժեշտութեան պարագային կրկին այդպիսի գործողութիւններ պիտի ընէ: Բայց ես նաեւ կոչ կ՚ընեմ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասուն՝ հաւաքուիլ եւ քննարկել իրենց խնդիրները եւ մեզ՝ ամէնքիս այսպիսի իրավիճակներու առջեւ չկեցնել: Կառավարութիւնը առայժմ ըսելիք չունի, բայց պարտաւորութիւն ունի օրինականութեան հետեւելու: Իսկ երբ ես Վայոց Ձորի դէպքի տեսանիւթերը կը նայէի, անկեղծ ըսած՝ ոստիկանութեան գործողութիւններէն այդքան ալ գոհ չեմ, թէ անոնք ինչ իրավիճակի մէջ էին, ինչ գործողութիւն կ՚իրականացնէին:

Հանրային չէ հարցը, բայց եթէ ես կը սխալիմ, թող ուղղեն զիս, քանի որ ես փորձագէտի մակարդակով կը տիրապետեմ ներեկեղեցական հարցերուն, բայց իմ տպաւորութեամբ հոն հարցեր կան, իրենք թող հաւաքուին եւ վճռեն: Անընդունելի է, որ զանազան վայրերէ, թաքնուած գործողութիւններով փորձ կատարուի իրավիճակ հրահրել եւ բոլորս դնել այսպիսի իրավիճակի առջեւ: Եթէ այսպէս շարունակուի, մենք ստիպուած կ՚ըլլանք աւելի մանրամասն ուսումնասիրել իրավիճակը, որովհետեւ ի վերջոյ ինչպէս կը տեսնէք, կառավարութեան աւելի ու աւելի շատ հարցումներ կ՚ուղղուին այս կապակցութեամբ, եւ եթէ այսպէս ըլլայ, մենք ստիպուած պիտի ըլլանք որեւէ պահու շատ ու շատ հարցերու ստոյգ պատասխաններ տալ՝ շատ ստոյգ լուծումներով, բայց չեմ կարծեր, թէ հիմա այդպիսի իրավիճակ կայ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 16, 2018