ՇԻՐԱԿԻ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՊՍԿ. ԱՋԱՊԱՀԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթավերջի տխուր իրադարձութիւններու լոյսին տակ՝ Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեան հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ։

Շուրջ երկու տասնամեակ Շիրակի թեմի առաջնորդի հայրական խնամքը պէտք եղածէն աւելի վայելած քանի մը անձեր՝ Արմէն (Կորիւն) Առաքելեան, Կարէն Պետրոսեան, Ղարիպ Յարութիւնեան, Հայկարամ Դրմէեան, քառասուն օր առաջ կամաւորապէս դուրս եկան Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ գաւիթէն եւ այդպէս ալ չվերադարձան՝ հակառակ մեր անթիւ յորդորներուն եւ խրատներուն։ Աւելի՛ն, փորձուեցաւ եւ տակաւին կը շարունակուի փորձուիլ, տարիներու մտերմութիւնը անհարկի շահարկելով, լուսանկարներու եւ առանձնակի զրոյցներու որոշ մանրամասնութիւններու հրապարակումով, զիս կապել այս եկեղեցաքանդ եւ մոլեռանդ շարժման հետ։

Քառասուն օր համբերելէ եւ իրենց համար ամէն օր աղօթելէ յետոյ, այսօր ստիպուած եմ յայտարարել սոյն անձերու բարոյական մահուան բօթը՝ խզելով անոնց հետ ամէն յարաբերութիւն, զիրենք յանձնելով Ամենակալի դատաստանին, ինծի համար ալ սահմանելով ցմահ կամաւոր ապաշխարութեան շրջան՝ արցունքով եւ աղօթքով քաւելով իմ մեղքը՝ հոգեւոր դաստիարակութեան մէջ այսպիսի աններելի ձախողման համար։

Յ. Գ.- Այս քառասուն օրերու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը, եթէ նոյնիսկ մեղանչումներ ալ ունէր, խաչի ճանապարհով անցնելով եւ դառնութեան բաժակը ցմրուր ըմպելով, բացարձակապէս արդարացաւ, իսկ զիրենք արդար համարող ինքնասիրահարուածները մնացին սեփական լուտանքներու եւ հայհոյանքներու ծանր մեղքի բեռին տակ՝ բաժնեկից դառնալով Տիրոջ խաչը դատապարտողներուն։

Երկուշաբթի, Յուլիս 16, 2018