ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ

Պէյրութի Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանէն տասնմէկ երիտասարդ արուեստագէտներու՝ Լուսինէ Աբրահամեանի, Ժորա Գասպարեանի, Գայ Ղազանչեանի, Հայկ Ղազարեանի, Ռաֆայէլ Մանուկեանի, Ռոմէօ Մելիքեանի, Սիլվա Մկրտչեանի, Արմինէ Յարութիւնեանի, Արա Շահումեանի, Պետօ Պօղոսեանի եւ Յակոբ Վարդանեանի գեղանկարներու եւ քանդակներու ցուցահանդէսի բացումը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն այս իւրայատուկ ցուցահանդէսին առիթով, ապա ըսաւ, թէ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին հետ համագործակցաբար կազմակերպուեցաւ այս ցուցահանդէսը, եւ ահաւասիկ այսօր կը վայելենք ստեղծագործութիւնները երիտասարդ ստեղծագործողներու, որոնք բոլորն ալ նոր շունչով, նոր ոգեւորութեամբ եկած են: Ան ըսաւ. «Մեր առաքելութիւնը յստակ է. այս սերունդին ճամբան հարթելու համար մենք ունինք պարտականութիւն, որ կը կատարենք մեծ ուրախութեամբ: Այս իրագործումը հայրենիք-սփիւռք կապերու գծով կարեւոր քայլ մը կը նկատենք, հակառակ երկրի տնտեսական եւ քաղաքական դժուարութիւններուն»: Յակոբ Հաւաթեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց «Ալ Մաշրեք» ապահովագրական ընկերութեան, որ ստանձնած է ցուցահանդէսին հովանաւորութիւնը:

Այնուհետեւ Հայաստանէն եկած արուեստագէտները ներկայացուցին իրենք զիրենք, ապա սրտի եւ երախտագիտական խօսքեր յայտնեցին ներկաներուն:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան ըսաւ, թէ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը միշտ ալ կը պահպանէ իր լաւագոյն աւանդութիւնները: Ներկայացուած բազմաժանր ստեղծագործութիւնները արուեստագէտներու ջանքին արգասիքն են, որոնք մտայղացուած են կտաւներու վրայ եւ քանդակներով: «Վերջին տասնամեակներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ արուեստի տարբեր բնագաւառները համեմատելով՝ իմ տպաւորութիւնս այնպիսին է, որ գեղանկարչութեան եւ քանդակագործութեան ոլորտին մէջ կը պահպանուի սերունդներու ժառանգականութիւնը», ըսաւ դեսպան Մկրտչեան, ապա խօսքը ուղղելով արուեստագէտներուն յայտնեց. «Ուրախալի է, որ պահպանելով նախորդներու աւանդութիւնները, ստեղծած էք նորը՝ դնելով անոր մէջ ձեր շունչը եւ նոր աշխարհընկալումը»: Խօսքի աւարտին ան յաջողութիւն մաղթեց արուեստագէտներուն:

Ձեռնարկի աւարտին Ալեքս Տապաղեան կիթառով ճոխացուց մթնոլորտը:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 11 արուեստագէտներու 80 ստեղծագործութիւնները:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Յուլիսի 28-ը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 16, 2018