ԵՄ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ ՔԱՅԼԵՐ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷ

Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ ժողով մը գումարեցին Պրիւքսելի մէջ։ Euronews-ի հաղորդումներով, այս ժողովին ընթացքին եւրոպացի նախարարները որոշեցին պատժամիջոցներ գործադրել Թուրքիոյ դէմ։ Տեղական մամուլն ալ արձագանգ կը հանդիսանայ այս իրադարձութեան՝ ընդգծելով, որ ԵՄ-ի կողմէ Թուրքիոյ դէմ նախատեսուած պատժամիջոցները ունին խոր-հըրդանշական բնոյթ։

Այժմու խնդիրները յառաջացած են Թուրքիոյ կողմէ Արեւելեան Միջերկրականէ ներս Կիպրոսի մերձակայքին ձեռնարկուած նաւթի որոնման աշխատանքներուն հետեւանքով։ Յունական Կիպրոսի նմանօրինակ նախաձեռնութիւններուն ի պատասխան՝ Թուրքիա եւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւնը շարժման անցած են, որպէսզի կղզիի բնական պաշարները չօգտագործուին միակողմանի մօտեցումով։ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ տրուած լիազօրագրով թրքական երեք նաւեր ձեռնարկած են նաւթի որոնման աշխատանքներու եւ անոնք կը վերահսկուին զինեալ ուժերու կողմէ։

Յունական Կիպրոսի ջանքերով այս խնդիրը եկած է նաեւ ԵՄ-ի օրակարգին վրայ։ Այս պայմաններուն ներքեւ եւրոպացի նախարարները երէկ քննարկեցին առկայ խնդիրները եւ յանգեցան այն եզրակացութեան, թէ շարք մը պատժամիջոցներ պէտք է նախատեսուին Թուրքիոյ դէմ։ Այս պայմաններուն ներքեւ, ԵՄ-ի ֆոնտերէն Թուրքիոյ համար յատկացուելիք միջոցները պիտի սահմանափակուին եւ բարձր մակարդակի ժողովները առայժմ պիտի դադրեցուին։ Նախարարները Եւրոպայի Զարգացման դրամատան ալ խորհուրդ տուած են վերատեսութեան ենթարկել՝ Թուրքիոյ ի նպաստ ելմտական օժանդակութիւններու պայմանները։ Բարձր մակարդակի հանդիպումներու ժամանակաւոր դադրեցումը կը վերաբերի նաեւ Թուրքիա-ԵՄ գործընկերութեան խորհուրդի ժողովներուն։

Երէկ երեկոյեան ուշ ժամերուն հրապարակուած այս պատժամիջոցներուն վերաբերեալ յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ ԵՄ անմիջական ուշադրութեամբ պիտի հետեւի Կիպրոսի մերձակայքին Թուրքիոյ կողմէ ձեռնարկուած նաւթի որոնման աշխատանքներուն եւ ի պահանջել հարկին խնդիրը դարձեալ օրակարգի վրայ պիտի բերուի։ Եւրոպացի նախարարները կոչ ուղղած են, որպէսզի Թուրքիա խուսափի նման քայլերէ եւ իր հարեւաններուն հետ ունենայ լաւ յարաբերութիւններ։ Պահանջուած է նաեւ, որ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ յարգանք ցուցաբերուի Յունական Կիպրոսի ինքնիշխանութեան եւ անկէ ծագած իրաւունքներուն նկատմամբ։

Տեղական մամուլը կը գրէ, որ Եւրոմիութիւնը յանուն Յունական Կիպրոսի հետ զօրակցութեան առած է այս քայլը։

Երէկուան ժողովին զուգահեռ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցած է Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի միջեւ։ Չավուշօղլու նշած է, որ եթէ եւրոպական կողմը յամառի պատժամիջոցներու դիմելու մէջ, ապա Թուրքիան ալ պիտի փոխադարձէ ամենախիստ ձեւով։ Չավուշօղլու վերջին օրերուն զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մէջ ալ յայտարարած էր, որ Պրիւքսելի հաւանական պատժամիջոցները որեւէ օգուտ պիտի չբերեն եւ հակառակ ազդեցութիւն մը պիտի ստեղծեն։ Արդարեւ, Անգարա անպայման պիտի փոխադարձէ այդ պատժամիջոցներուն դէմ։

Վերջին օրերուն այս խնդրին շուրջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եգիպտոսի կողմէ ալ հակառակ դիրքորոշում արտայայտուած է Թուրքիոյ դէմ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 16, 2019