ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԵՐԵԿՈՅԹ

Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը, որու ընթացքին հանդէս եկաւ յայտնի մեներգչուհի Յասմիկ Գրիգորեան։ Այս եզակի ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որու բարձր հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած էր այս երեկոյթը։ Համերգը ձօնուած էր Յասմիկ Գրիգորեանի հօր՝ վաստակաւոր արուեստագէտ Գեղամ Գրիգորեանի յիշատակին։

«Միջազգային օփերայի մրցանակաբաշխութեան» 2019 թուականի «Լաւագոյն օփերայի երգչուհի» անուանակարգին մէջ յաղթած Յասմիկ Գրիգորեանի մենահամերգը արժանացաւ երաժշտասէրներու մեծ հետաքրքրութեան։ Ան արժանացաւ ունկնդիրներու ջերմ ծափահարութիւններուն։

Բացի համերգէն, Արմէն Սարգսեան նախագահական ապարանքին մէջ առանձնապէս ալ հիւրընկալեց Յասմիկ Գրիգորեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Կոստանդին Օրբելեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 16, 2019