ԱՄՆ-Ի ԵՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻՆ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան վերջերս աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն, ուր ընդունուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարներու բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։

Ֆրանսացի նախարարը Ուաշինկթընի յայտարարութիւններուն մէջ կանգ առած է հակամարտութեան կարգաւորման, նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեւական խաղաղութեան հաստատման անհրաժեշտութեան վրայ։ Այս առումով Ժան-Իվ լը Տրիան կարեւորած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներու գործունէութիւնը։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել այսօր երկօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։

Ուրբաթ, Յուլիս 16, 2021