ՃԱՆ ՈՒՍԹԱՊԱՇԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց նոր ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը արդէն Անգարայի մէջ մասնակցութիւն բերած է իր առաջին ժողովին։ Այս նիստէն առաջ Ճան Ուսթապաշը եւ իր նախորդը՝ Մորիս Լեւի քաղաքավարական այցելութիւն մը տուած են Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյին։

Բացի մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցած այս իրադարձութիւններէն, փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի գրասենեակի երդիքին տակ ալ վերջին օրերուն բանուկ երթեւեկ մը ապրուած է։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս Ճան Ուսթապաշըի հետ տեսակցած են նախորդ ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու աշխարհական ղեկավարները։

Ուսթապաշըի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ աշխարհական վարիչներու խորհրդակցութեան օրակարգի հիմնական նիւթը եղած է փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան խնդիրը եւ համապատասխան կանոնադրութեան պատրաստութեան հարցը։

Ուրբաթ, Յուլիս 16, 2021