ՈՍԿԵԳՈՅՆ ԲԶԷԶՆԵՐԸ

Ոսկեգոյն բզէզները իրենց իւրայատուկ արտաքինի շնորհիւ կը համարուին բնութեան կենդանի «զարդեր»։ Այսպէս, «Ոսկէ կրիայ» անունով յայտնի բզէզները, որոնք կը պատկանին տերեւակեր (Chrysomelidae) միջատներու ընտանիքին, իրենց թափանցիկ պատեանով եւ գոյնը փոխելու կարողութեամբ դարձած են բնութեան կենդանի «զարդերը», կը գրէ «Oddity Central» կայքէջը։

Ոսկեգոյն բզէզներուն կարելի է հանդիպիլ հարաւ-արեւելեան Ասիոյ երկիրներու մէջ. ինչպէս՝ Չինաստան, Միանմար, Թայլանտ, Քամպոտիա, հիւսիս-արեւելեան Հնդկաստան, Վիեթնամ եւ Ինտոնեզիա:

Անոնք կ՚ըլլան 5-7 միլիմեթր, թէեւ կրնան ըլլալ նաեւ մօտաւորապէս 14 միլիմեթր երկարութեան։

Բզէզները յայտնի են իրենց ոսկեգոյն երանգի շնորհիւ, սակայն վտանգի պարագային անոնք ընդունակ են փոխել իրենց գոյնը՝ դառնալով մուգ կարմիր։

Այս հմայիչ արարածներու թափանցիկ «զրահը» կը պաշտպանէ զանոնք գիշատիչներէն․ վտանգի պարագային անոնք կը թաքնուին իրենց պատեանի տակ։

Ուրբաթ, Յուլիս 16, 2021