ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր Թիֆլիզի մէջ հանդիպում մը կ՚ունենայ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրի մը մշակումը օրակարգը առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատումով ու սահմանագծումով, նաեւ Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումով հանդերձ։ Ուստի, Միրզոյեան եւ Պայրամով սոյն օրակարգով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ կը մէկտեղուին առաջին անգամ։ Վրաստանի ղեկավարութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր պատրաստակամութիւն կը յայտնէր հարեւան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջնորդի դեր կատարելու եւ անոնց երկխօսութեան համար հարթակ տրամադրելու ուղղութեամբ։ Ուրեմն Միրզոյեան-Պայրամով այսօրուան ժամադրութիւնն ալ կազմակերպուած է Թիֆլիզի մէջ։

Նախարարներու այս տեսակցութեան ընդառաջ Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար ձեռնարկեց տարածաշրջանային այցելութեան մը՝ շփումներ ունենալով Երեւանի եւ Պաքուի մէջ։ Քլաար առիթն ունեցաւ զրուցելու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս վերջինը զինքը հիւրընկալեց երէկ։

Թիֆլիզի այսօրուան ժամադրութեան ընդառաջ Պաքուէն դարձեալ ծայրայեղ յայտարարութիւններ հնչեցին։ Այսպէս, Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի յայտարարութիւնը փաստացի անձնատուութիւն մըն է Հայաստանի համար։ Որպէս պարտուած կողմ՝ Հայաստան ստանձնած է պարտաւորութիւններ, որոնք յստակ նշուած են։ Այդ պարտաւորութիւններէն մին է Ղարաբաղէն հայկական զինեալ խմբաւորումներու դուրս բերուիլը։ Ալիեւ յայտնեց, որ ցայսօր այդ հարցը չէ լուծուած։ Ատրպէյճան բազմիցս այս հարցին վերաբերեալ կը բարձրաձայնէ, սակայն Հայաստան կը ձգձգէ։ Պաքու այս հարցը ռուսական ռազմական ղեկավարութեան առջեւ ալ օրակարգի վրայ բերած է։ «Քանի մը ամիս առաջ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մին Ատրպէյճան այցելելու ժամանակ մեր Պաշտպանութեան նախարարութեան խոստացած էր, որ մինչեւ յունիս հայկական զինեալ խմբաւորումները դուրս կու գան Ղարաբաղէն։ Բայց արդէն յուլիսի կէսն է եւ այդ հարցը լուծուած չէ։ Հայաստան չի կատարեր իր այդ պարտաւորութիւնը՝ հակառակ հրադադարի համաձայնագրի։ Ռուս խաղաղապահները, ռուսական կողմը, որ նոյնպէս ստորագրած է համաձայնագիրը, ինչպէս կ՚ըսեն, չի ստիպեր զանոնք։ Ի հարկէ, սա ընդունելի չէ։ Եթէ Հայաստան չի փափաքիր իր զինեալ խմբաւորումները դուրս հանել, ապա թող բացէ ի բաց ըսէ մեզի այդ մասին։ Մենք գիտենք՝ ինչ ընենք։ Թէ ինչպէս կ՚ըլլայ մեր պատասխանը, հաւանաբար, հիմա տեղին չէ այդ մասին խօսիլը», ըսաւ Իլհամ Ալիեւ։

Բաց աստի, Ալիեւ պնդեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին խօսիլը շատ վտանգաւոր է Հայաստանի համար։ Արդարեւ, Ատրպէյճանն ալ կարգավիճակ կրնայ պահանջել Զանգեզուրի համար։

«Վերջերս Հայաստանի ղեկավարը սկսաւ խօսիլ ինչ-որ կարգավիճակի մասին։ Երբ պատերազմը աւարտեցաւ, երբ Հայաստան ստիպուեցաւ ստորագրել անձնատուութիւնը, մեր՝ Ատրպէյճանի, Ռուսաստանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու միջեւ բանաւոր պայմանաւորուածութիւն կար, որ կարգավիճակի հարցը չի շօշափուիր։ Հայաստան որոշ ժամանակ հետեւեցաւ այդ բանին, բայց վերջերս երբեմն իրենց վարչապետը, երբեմն ալ իրենց արտաքին գործոց նախարարը կը խօսին Ղարաբաղի կարգավիճակի մասին։ Հայաստանի համար կարգավիճակի մասին խօսիլը շատ վտանգաւոր է, որովհետեւ մենք ալ կրնանք կարգավիճակ պահանջել Զանգեզուրի համար։ Այս բացասական միտումները հետզհետէ կ՚ուժեղանան։ Առայժմ սա լուրջ բարդութեան չէ վերածուած։ Բայց եթէ այդ միտումները չկանխուին, օր մը կրնան ունենալ հետեւանքներ։ Մենք չենք ուզեր այդ բանը, մենք խաղաղութիւն կ՚ուզենք։ Մենք պատերազմ չենք ուզեր, երբեք ալ չենք ուզած։ Չեմ ուզեր շատ խորանալ։ Սպասենք արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման արդիւնքներուն։ Մենք պիտի որոշենք, թէ ատկէ վերջ ինչ քայլերու պիտի ձեռնարկենք», ըսաւ Ալիեւ, որ երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ։

Նախարարներու այսօրուան ժամադրութեան ընդառաջ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնն ալ կը շարունակուի։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճան կրակ բացած է սահմանի արեւմտեան հատուածի մարտական դիրքերուն վրայ։ Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններով կրակը լռեցուած է։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Միջազգային յարաբերութիւններու պետական կաճառի եւ Միջազգային հարցերով ռուսական խորհուրդի աջակցութեամբ երէկ Մոսկուայի մէջ Հայաստանէ եւ Ատրպէյճանէ փորձագէտներու միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որու ընթացքին շօշափուեցան երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարները։ Հանդիպման բացման ելոյթ մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ։ Ատենախօսները հանդէս եկան՝ որպէս անհատ։ Մասնակիցները համաձայնեցան՝ շարունակել շփումները եւ համատեղ աշխատանքը «Երկխօսութիւն խաղաղութեան շուրջ» եռակողմանի այս փորձագիտական հարթակի շրջանակներէն ներս։

Մինչ այդ, Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց Ռուսաստանի Փոխադրութեան նախարար Վիթալի Սաւելեւը։ Կարծիքներ փոխանակուեցան ընդհանրապէս հաղորդակցութեան ու փոխադրութեան բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն շուրջ։

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2022