ԽԱՍԳԻՒՂԻ ՀՐԷԻՑ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ԴԷՊՔ. 5 ԱՆՉԱՓԱՀԱՍ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ

Խասգիւղի հրէից գերեզմանատան դէմ երէկ մտահոգիչ յարձակում մը գործուեցաւ։ Դէպքին հետեւանքով պատմական գերեզմանատունէն ներս 81 շիրիմ կոտրուեցաւ։ Գերեզմանատան պաշտօնեաները երէկ առաւօտ անդրադարձան կացութեան եւ իսկոյն զգուշացուցին խախամապետարանը։ Ոստիկանութիւնը տեղւոյն վրայ քննութիւն կատարեց եւ շիրմաքարերէն մատի հետքեր առաւ։ Կէս գիշերին պատահած դէպքին հետեւանքով ձեռնարկուեցաւ հարցաքննութեան։

Արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ տեղեկացուց, որ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութիւնը ձեռնարկած է հետաքննութեան։ Տեսախցիկներու արձանագրութիւններու օգտագործումով ոստիկանութիւնը յառաջ տարաւ անհրաժեշտ աշխատանքը։ Դէպքին կապակցութեամբ հինգ անչափահաս վերահսկողութեան տակ առնուեցաւ։

Թուրքիոյ խախամապետարանը տեղեկացուց, որ ցաւով վերահասու եղած է, թէ վնաս հասցնողները պատանիներ են։ Խախամապետարանին տեղեկացուած է, որ վնասուած բոլոր շիրիմները պիտի վերանորոգուին Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ։ Խախամապետարանի յայտարարութեան մէջ հրապարակաւ պահանջուեցաւ, որ ժամ առաջ ձերբակալուին բոլոր անոնք, որոնք այս վանտալիզմին պատճառ դարձած են։

Պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր անմիջապէս արձագանգեցին այս իրադարձութեան։ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը պախարակեց դէպքը։ Ան նշեց, որ Իսթանպուլի Անվտանգութեան տնօրէնութիւնը բծախնդիր աշխատանք կը տանի՝ ձեռնարկուած հետաքննութեան ծիրէն ներս։

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալընն ալ խստիւ պախարակեց դէպքը։ Իր խօսքով՝ նուիրականութիւններ թիրախաւորած եւ հասարակութենէն ներս թշնամանք սերմանելու հետամուտ շրջանակները երբեք պիտի չունենան թոյլտուութիւն։

Իր կարգին, ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն ալ սոյն յարձակման կապակցութեամբ կապ հաստատեց Հրէից րաբունապետ Իսհաք Հալեւայի հետ՝ արտայայտելով իր զօրակցութիւնը։

Միւս կողմէ, Տիարպաքըրի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլանն ալ Ազգային մեծ ժողովէն ներս արձագանգեց այս իրադարձութեան։ Ան խորհրդարանի դիւանին հարցադրում մը ներկայացուց՝ պահանջելով Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայի պատասխանը։ Այս առթիւ Կարօ Փայլան նշեց, որ վերջին շրջանին փոքրամասնական հաւաքականութիւններու դէմ գործուած նման ատելութեան յարձակումները չեն կրնար առանձին դէպքեր դասուիլ։ Այս դիտարկման լոյսին տակ ընդդիմադիր պատգամաւորը հարց տուաւ, թէ Խասգիւղի հրէից գերեզմանատան դէմ պատահած յարձակումը ատելութեան մշակոյթի հետեւանքը չէ՞։ Հրեաներու եւ քրիստոնեաներու դէմ ատելութեան յարձակումները կասեցնելու համար ի՞նչ պիտի կատարուի։ Փայլան հարց տուած է, որ իշխանութիւնները չե՞ն նկատեր, թէ ատելութեան քաղաքականութիւնը պատճառ կը դառնայ ատելութեան յանցագործութիւններու։ Փոքրամասնութիւններու դէմ գործուած ատելութեան յանցանքներուն պատճառ կը դառնայ ատելութեան խօսոյթը։ Ի՞նչ պիտի կատարուի այս բանին։

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2022