15 ՅՈՒԼԻՍԻ ՅԻՇԱՏԱԿՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՄԵԾ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ ՄԸ՝ ՍԱՐԱՉՀԱՆԷԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ

15 յուլիսի Ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրուան առթիւ երէկ յիշատակութիւններ տեղի ունեցան բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Ձախող պետական հարուածի 6-րդ տարելիցին ոգեկոչուեցան նահատակները։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Իսթանպուլի մէջ մասնակցեցաւ մեծ հանրահաւաքի մը, որ կազմակերպուած էր Սարաչհանէի հրապարակին վրայ։

Նախագահ Էրտողան հանրահաւաքի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը, որու ժամանակ մատնանշեց, թէ պետական հարուածին դէմ ցուցաբերուած դիմադրութիւնը եղած է անկիւնադարձ մը։ «15 յուլիսի գիշերը տեսանք, թէ վերջին խօսքը թնդանօթները չեն ըսեր, այլ հաւատը կ՚ըլլայ վճռական», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ ազգը ձախողած է նենգ խաղերը։ Նախագահը ելոյթի ժամանակ դիւցազներգութիւն որակեց ցուցաբերուած դիմադրութիւնը եւ ըսաւ. «Մեծ ու հզօր Թուրքիոյ կառուցումը վճռակամութեամբ պիտի շարունակենք, որպէսզի երկիրը անգամ մըն ալ չենթարկուի 15 յուլիսի նման փորձանքներու»։

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2022