ՀԱՄԱՏԵՂ ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Սերկէյ Վալքոյի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս մէկը ռուսական ընկերութիւն մըն է, որ կը տնօրինէ Հայաստանի երկաթուղիի ցանցը։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Սերկէյ Վալքօ երէկուան զրոյցի ընթացքին քննարկեցին «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան գործունէութիւնը։ Անոնք կանգ առին ընկերութեան ընթացիկ աշխատանքին եւ յառաջիկային նախատեսուած ծրագրերու հարցերուն վրայ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ փոխադրութեան ենթակառուց-ւածքներու զարգացման, արդիականացման, ուղեւորներու փոխադրումներու եւ բեռնափոխադրումներու ծաւալներուն, ծառայութիւններու մատչելիութեան ապահովման եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացման վերաբերեալ նիւթերու։

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Եւրոասիական Զարգացման դրամատան վարչութեան նախագահ Անտրէյ Պելեանինովի հետ։ Զրոյցի ընթացքին ան բարձր գնահատեց Հայաստանի կառավարութեան եւ այս դրամատան միջեւ համագործակցութիւնը։ Փաշինեան կարեւորեց համագործակցութեան ապագայ զարգացման ուղղեալ քայլերու իրականացումը։ Վարչապետը ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է ներդրումային նոր համատեղ ծրագրերու իրականացմամբ եւ երկկողմանի համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացմամբ։

Անտրէյ Պելեանինովն ալ մատնանշեց, որ դրամատունը կը ձգտի Հայաստանի մէջ առաւել ընդլայնել իր գործունէութիւնը ու պատրաստ է քննարկել զանազան ուղղութիւններով նոր նախագծերու իրականացման հնարաւորութիւնները։  

Հինգշաբթի, Օգոստոս 16, 2018