ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻ ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԸ

Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ռուտոլֆօ Նին Նովոա վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Այս այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Բացի Մնացականեանի հետ բանակցութիւններ վարելէ, Ռուտոլֆօ Նին Նովոա ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան հանդիպման ընթացքին  ընդգծեց Հայաստանի եւ Ուրուկուայի միջեւ ձեւաւորուած ջերմ, բարեկամական յարաբերութիւնները։ Հիւր նախարարն ալ ուրախութիւն յայտնեց բարեկամ Հայաստան այցելութեան կապակցութեամբ։ Փաշինեան նշեց, որ պէտք է համատեղ աշխատանք տանիլ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը յստակ արդիւնքներով տնտեսական յարաբերութիւններու վերածելու ուղղութեամբ։ Վարչապետը հիւր նախարարին հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ան նշեց, որ Երեւան լիարժէք հաւատարիմ է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին եւ բարձր կը գնահատէ այս կապակցութեամբ Ուրուկուայի անկողմնակալ եւ չէզոք դիրքորոշումը, նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն ի նպաստ աջակցութիւնը։ Զրոյցի տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ միջազգային օրակարգի այլ շարք մը հարցերուն շուրջ։

Նախարարներու հանդիպման ընթացքին ալ գոհունակութեամբ արձանագրուեցան միջազգային հարթակներու վրայ երկու երկիրներու սերտ համագործակցութեան դրսեւորումները։ Մնացականեան եւ Նովոա կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային եւ տարածքաշրջանային օրակարգի շարք մը հարցերուն շուրջ։ Այս փուլին եւս օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Մնացականեան այս կապակցութեամբ իր պաշտօնակցին ներկայացուց Հայաստանի սկզբունքին դիրքորոշումն ու մօտեցումները։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ, որ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի։ Հանդիպման աւարտին երկու նախարարները Երեւանի մէջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ անոնք ամփոփեցին իրենց վարած բանակցութիւններու արդիւնքը։ Այս փուլին շեշտուեցաւ, որ այս փուլին կան շատ ճանապարհներ, որոնց ուղղութեամբ կարելի է աշխատանք տանիլ երկկողմանի յարաբերութիւններու սերտացման նպատակով։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուտոլֆօ Նին Նովոա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին տեղեկացուց, որ մօտաւոր ապագային Երեւանի մէջ պիտի բացուի Ուրուկուայի հիւպատոսարանը։

Մինչ այդ, Ռուտոլֆօ Նին Նովոա Երեւանի իր յայտարարութիւններուն ընթացքին ըսաւ հետեւեալը. «Ուրուկուայ երկիր մըն է, որ անկախ է, ինքնիշխան է, ժողովրդավարական մեծ աւանդութիւններով եւ խաղաղութեան կողմնակից երկիր մըն է։ Մենք չենք զգար, որ անհարկի ճնշումներ կրնան ըլլալ, որովհետեւ աշխարհի վրայ գրեթէ որեւէ երկիր չի յանդգնիր անհիմն կերպով ճնշում գործադրել Ուրուկուայի նման երկրի մը վրայ, որ իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին բոլոր անհրաժեշտ քայլերը կատարած է՝ ցոյց տալու համար իր յանձնառութիւնը՝ խաղաղութեան, փոխըմբռնման եւ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ի օգուտ»։ Ուստի, հիւր նախարարը բացառեց, որ իր երկիրը կրնայ Ատրպէյճանի կողմէ ճնշումներու ենթարկուիլ Արցախի վերաբերեալ հարցերու մէջ։

Երեւանի մէջ հիւր նախարարը յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019