ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Լոս Անճելըս։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ յառաջիկայ սեպտեմբերի 22-ին, Լոս Անճելըսի ժամով 16.00-ին, Նիկոլ Փաշինեան ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ տեղւոյն «Կրենտ Փարք»ին մէջ։ Հայաստանի վարչապետը համապատասխան գրառումներ կատարած է նաեւ Դիմագրքի իր էջին վրայ։

«Վաղուց կը ծրագրաւորէինք, որ պէտք է անպայման հանդիպում մը ունենանք ամենահայահոծ քաղաքներէն մէկուն՝ Լոս Անճելըսի մէջ։ Մեր բազմաթիւ հայրենակիցներ կ՚ակնկալեն, որ պէտք է այցելեմ Լոս Անճելըս։ Նախորդ տարի երբ Նիւ Եորքի մէջ էի, չկարողացայ այցելել ժամանակացոյցի եւ ինչ-ինչ հանգամանքներու պատճառով։ Եւ ահա այս տարի մեր սպասած հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ սեպտեմբերի 22-ին, ժամը 16.00-ին, Լոս Անճելըսի «Կրենտ Փարք»ին մէջ։ Կը հրաւիրեմ Լոս Անճելըսի եւ յարակից քաղաքներու մեր բոլոր հայրենակիցները, որոնք տրամադրութիւն եւ ժամանակ կ՚ունենան, հետաքրքրուած կ՚ըլլան այդ հանդիպումով։ Մենք յոյս ունինք, թէ կը քննարկենք այն օրակարգը, որու մասին խօսած ենք Ստեփանակերտի հաւաքի ժամանակ։ Յոյս ունիմ այդ օրը լաւ ու ջերմ, հզօր հայկական հաւաք կազմակերպել Լոս Անճելըսի մէջ, զոր ոմանք արդարօրէն կ՚անուանեն սփիւռքի մայրաքաղաք։ Կ՚ուզեմ անգամ մը եւս շեշտել, որ Լոս Անճելըսը ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութեան աջակցութեան ամենակարեւոր կեդրոններէն մին էր։ Շատ բարձր կը գնահատեմ Լոս Անճելըսի մեր հայրենակիցներու ցուցաբերած աջակցութիւնը։ Կը կարծեմ շատ կարեւոր եւ գոնէ ինծի համար սպասուած հանդիպում մըն է եւ յոյս ունիմ, թէ Լոս Անճելըսի եւ յարակից քաղաքներու մեր հայրենակիցներուն համար եւս սպասուած հանդիպում մը կ՚ըլլայ», նշած է Նիկոլ Փաշինեան Դիմագրքի իր գրառման մէջ։

Հարկ է նշել, որ ամերիկահայ մամուլն ալ արդէն սկսած է արձագանգ հանդիսանալ Հայաստանի վարչապետի յառաջիկայ ամսավերջին տեղի ունենալիք Լոս Անճելըս այցելութեան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019