ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Փարիզի մէջ, այսօր, իր մահուան երկրորդ տարելիցին առթիւ կ՚ոգեկոչուի սփիւռքահայ մեծանուն մտաւորական Վարդան Օզինեան։ Կեանքի մէջ արձանագրած բոլոր նուաճումներով, հասած բոլոր դիրքերով եւ արժանացած բոլոր կոչումներով ու տիտղոսներով հանդերձ, ան սիրած էր մինչեւ իր վերջին շունչը մնալ ու որակուիլ՝ որպէս Կեդրոնականի սան։ Իր մահէն երկու տարի անց, Փարիզի Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ այսօր ան կը վերյիշուի բիւր յարգանքով։ Փարիզի արուարձաններէն Պանիոյի գերեզմանատան մէջ կը գտնուի իր շիրիմը։ Ատենապետ Արամ Շիմշիրի կողմէ գլխաւորուած Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութիւնը այսօր նախատեսած է ոգեկոչման արարողութիւն մը հոգելոյս Վարդան Օզինեանին համար։ Կեդրոնականցիներու ներկայութեամբ շիրիմին մօտ հոգեհանգստեան պաշտօն մը կը կատարուի՝ Տ. Ժիրայր Ծ. Վրդ. Թաշճեանի կողմէ։ Այսպէսով Փարիզի Կեդրոնական սանուց միութիւնը իր երախտիքը մատուցած կ՚ըլլայ նախկին բազմավաստակ ատենապետին նկատմամբ։

Հանգուցեալ Վարդան Օզինեան հարազատ մըն էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին համար։ Այս առթիւ մենք եւս բիւր յարգանքով եւ անսահման կարօտով կ՚ոգեկոչենք զինքը՝ հերթական անգամ խոնարհելով անթառամ ու քաղցր յիշատակին առջեւ։  

Երկուշաբթի, Օգոստոս 16, 2021