Իր­մա՝ Հզօր Մրրի­կը

Չորեքշաբթի, 6 Սեպտեմբերին, շատ հզօր մրրիկ մը պատահեցաւ Ատլանտեան ովկիանոսին եւ Քարայիպեան ծովուն միջեւ: Իրմա անուանուած այս մրրիկը սկիզբը պարզ փոթորիկ մըն էր, ապա ան հասաւ վտանգաւորութեան 5-րդ աստիճանին, Սաֆիր-Սիմսընի սանդղակին վրայ: Ասիկա մրրիկներու ամենէն բարձր աստիճանն է: Իրմա 2005-էն ի վեր Ատլանտեան ովկիանոսի ամգնէն հզօր մրրիկներէն մէկն է:

Իրմա անցաւ բազմաթիւ կղզիներէ՝ իր ճամբուն վրայ աւերելով բազմաթիւ շինութիւններ: Ժամական 300 քիլօմեթր արագութեամբ փչող քամիները հետերնին քշեցին նաւակներ, ինքնաշարժներ… Շատ դժուար էր այդ կղզիներէն լուրեր ստանալ, որովհետեւ հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները կտրուեցան զօրաւոր քամիներուն եւ անձրեւներուն պատճառով: Ապա Իրմա ուղղուեցաւ դէպի Տոմինիքեան Հանրապետութիւն եւ Հայիթի՝ շաբաթավերջին հասնելով Քուպա, իսկ Երկուշաբթի դարձաւ դէպի Միացեալ Նահանգներ՝ Ֆլորիտա:

Սեպտեմբերի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս նահանգն ալ հարուածուած էր ուրիշ հզօր մրրիկով մը՝ Հարվի: Իսկ մինչ Իրմա շարունակեց իր ճամբան, նոր մրրիկ մը՝ Խոսէ կազմուեցաւ Ատլանտեան ովկիանոսին վրայ, իսկ Քաթիա կոչուած այլ մրրիկ մը ուղղուեցաւ դէպի Մեքսիքա:

Որպէսզի մրրիկ մը պատահի, պէտք է ծովուն ջուրը 25 աստիճանէն աւելի տաք ըլլայ եւ դուրսի օդն ալ ըլլայ նոյնքան տաք: Ամպերը սեւ կը դառնան եւ ահռելիօրէն զօրաւոր քամի մը կը փչէ եւ ամէն ինչ կ՚աւերէ իր ճամբուն վրայ:

Մրրիկները կը յայտնուին ամրան, մինչեւ Հոկտեմբեր: Ուսումնասիրութիւններու շնորհիւ՝ մասնագէտները կրնան գիտնալ, թէ ե՞րբ մրրիկ մը պիտի գայ եւ ո՞ր ուղղութեամբ պիտի շարունակէ իր ընթացքը: Այս ձեւով բնակիչները ժամանակ կ՚ունենան իրենց տուները ապահովելու, ջուր եւ ուտելիք ամբարելու փոթորիկին ժամանումէն առաջ:

Երբ հզօր փոթորիկ մը կը պատահի Ատլանտեան ովկիանոսին վրայ, այ կը կոչուի մրրիկ (հըրիքէյն), մինչ երբ այս երեւոյթը կը պատահի Հնդկաց ովկիանոսին մէջ ան կը կոչուի սայքըն, իսկ Ասիոյ ծովերուն մէջ ան կը կոչուի թայֆուն:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017