ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԵԹՐՈՅԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ 29 ՎԻՐԱՒՈՐ

Լոնտոնի մեթրոյէն ներս երէկ տեղի ունեցած պայթումին արձագանգները կը շարունակուին։ Ահաբեկչական այս դէպքը տեղի ունեցած էր Անգլիոյ մայրաքաղաքի հարաւ-արեւմուտքի մեթրոյի կայարաններէն մէկուն մէջ։ Երէկ առաւօտեան ժամերուն պատահած ահաբեկչական այս արարքը տեղի տուաւ 29 վիրաւորեալի։ Պայթումը կատարուեցաւ ձեռակերտ ռումբի մը միջոցաւ։

Դէպքէն անմիջապէս վերջ Անգլիոյ կառավարութիւնը արտահերթ ժողով մը գումարեց, գլխաւորութեամբ վարչապետ Թերեզա Մէյի։ Բրիտանական իշխանութիւնները միեւնոյն ժամանակ բազմակողմանի հետաքննութեան մը ձեռնարկեցին՝ լուսաբանելու համար դէպքին մանրամասնութիւնները։

Միւս կողմէ, Լոնտոնի մեթրոյի պայթումին կապակցութեամբ Թերեզա Մէյին հետ հեռաձայնային կապ հաստատեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ։ Այս վերջինը յայտնեց, որ ահաբեկիչներու դէմ պայքարը պէտք է խստացուի եւ ի պահանջել հարկին հակաահաբեկչական պայքարի համար պէտք է անջատուի նաեւ համացանցը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017