ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Ուաշինկթընի մէջ ներկայիս որոնումներ յառաջ կը տարուին Երեւանի հետ առեւտրական յարաբերութիւնները նոր հարթութեան մը վրայ դնելու առաջադրութեամբ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս այս շրջանին աշխոյժ քննարկումներ կը ծաւալուին այս նիւթին շուրջ։ Պետական քարտուղարութիւնը կ՚ուսումնասիրէ նախագիծը այն համաձայնագրին, որով Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կրկնակի հարկումները կրնան բացառուիլ։ Վերջին օրերուն ԱՄՆ-ի Գոնկրէսէն ներս տեղի ունեցած լսումներու ընթացքին այս նիւթին շուրջ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Արտաքին գործոց փոխ-նախարարի տեղակալ Ճոն Հեֆերն։ Այս վերջինը 2011-2014  թուականներուն եղած էր Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանը։

Սոյն փաստաթուղթի ստորագրումը պիտի ապահովէ նկատելիօրէն զարգացնել հայ-ամերիկեան առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները, որովհետեւ այդ մէկուն շնորհիւ Հայաստանէ ներս գործող ամերիկեան ընկերութիւններն ու ԱՄՆ-է ներս գործող հայկական կազմակերպութիւնները զերծ պիտի ըլլան կրկնակի հարկումէ։ Անոնք տուրք պիտի վճարեն կա՛մ Հայաստանի եւ կամ ԱՄՆ-ի մէջ։

Գոնկրէսի լսումներուն ժամանակ Ճոն Հեֆերն պատասխանեց Գալիֆորնիոյ նահանգի ներկայացուցիչներէն դեմոկրատ գոնկրէսական Պրէտ Շերմընի հարցման։ Բարձրաստիճան դիւանագէտը այս առթիւ ըսաւ. «Դուք նշեցիք, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները ունին շատ կարեւոր ներուժ մը։ Ըսի, թէ Հայաստանի հետ ինչպէս աշխատիլ կը պատրաստուինք՝ օգնութեան տրամադրումէ անցում կատարելով դէպի առեւտրային կապերու վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները։ Աշխատեցանք ԱՄՆ-ի Ելմտական նախարարութեան հետ՝ Հայաստանի հետ առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիր մը ունենալու համար։ Ներկայիս ԱՄՆ-ի Ելմտական նախարարութիւնը Հայաստանի հետ աշխոյժ երկխօսութեան մէջ է։ Այդ համաձայնագիրը կը կարգաւորէ առեւտուրի եւ ներդրումներու հետ կապուած բոլոր հարցերը, ներկայ գործընթացին մէջ սա շատ կարեւոր է»։

Հարկ է նշել, որ Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ Առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիրը ստորագրուած էր 2015 թուականի Մայիսին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուած էր ԱՄՆ։ Ճոն Հեֆերն գոնկրէսականներու նկատառման յանձնեց նաեւ հետեւեալը. «Ինչ կը վերաբերի կրկնակի հարկումը բացառող երկկողմանի համաձայնագրին՝ Ելմտական նախարարութիւնը փաստաթուղթի կնքման որոշում չէ կայացուցած եւ այդ որոշումը կ՚ընդունուի յստակ չափանիշի մը հիման վրայ. արդեօք ամերիկեան ընկերութիւնները կը փափաքի՞ն ունենալ նման համաձայնագիր մը կամ արդեօք ամերիկեան ընկերութիւնները պիտի շահի՞ն նման համաձայնագրէ մը։ Խորհրդային միութեան հետ (1973 թուականին) կնքը-ւած համաձայնագիրը տակաւին կը գործէ եւ ընկերութիւնները տակաւին կ՚օգտագործեն այդ մէկը։ Սակայն մենք աշխոյժ քննարկումներու մէջ ենք հայ-ամերիկեան երկկողմանի ձեւաչափին մէջ»։

ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի միջեւ կրկնակի հարկումը ջնջելու ուղղեալ համաձայնագրի մը ստորագրման հեռանկարը օրակագրի վրայ եկաւ նաեւ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի ելմտական յանձնաժողովէն ներս։ Յիշեալ նախարարութեան հարկային քաղաքականութեան գծով բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Տէյվիտ Քոթըր պատրաստակամութիւն յայտնեց ուսումնասիրել այս նիւթը։ Իր պաշտօնի հաստատման ժամանակ ան ընդգծեց, որ պիտի քննարկեն այդպիսի քայլի մը դրական եւ ժխտական կողմերը՝ համարժէքօրէն արձագանգելով Հայաստան-ԱՄՆ տնտեսական յարաբերութիւններու ամէն տեսակ խոչընդոտի։

Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ վերջին օրերուն արձագանգեց ԱՄՆ-ի Գոնկրէսէն ներս տեղի ունեցած քննարկումներուն եւ այնտեղ կատարուած յայտարարութիւններուն։ Հայաստանի Ելմտական նախարար Վարդան Արամեան այս կապակցութեամբ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտարարեց, որ Երեւան պաշտօնապէս շահագրգռուած է երկու երկիրներու միջեւ կրկնակի հարկումը ջնջող համաձայնագրի հնարաւորինս արագ ստորագրմամբ։ «Սա եղած է ու պիտի մնայ կառավարութեան օրակարգի կարեւորագոյն հարցերէն մին։ Հայ-ամերիկեան միջկառավարական յանձնաժողովի բոլոր նիստերուն մենք այս հարցը արծարծած ենք մշտապէս, կը պատրաստուինք նաեւ արծարծել Հոկտեմբերին։ Սա բանակցութիւններու առարկայ է», ըսաւ Վարդան Արամեան եւ աւելցուց, թէ ընկերութիւնները ինքզինքնին աւելի հանգիստ կը զգան, երբ տուրքերու առումով խաղի կանոնները յստակ եւ հասկնալի են։

Աշխարհի խոշորագոյն տնտեսութեան տէր երկրի՝ ԱՄՆ-ի հետ Հայաստանի առեւտուրը նախորդ տարիներուն անկում ապրեցաւ։ Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, անցեալ տարի երկկողմանի առեւտուրը կազմած է 126.8 միլիոն տոլար։ Այս ցուցանիշով ԱՄՆ Հայաստանի 11-րդ առեւտրային գործընկերն է։ Հինգ տարի առաջ՝ 2011 թուականին Հայաստան-ԱՄՆ առեւտուրը կազմած էր 248.7 միլիոն տոլար։ 2006 թուականին Հայաստան-ԱՄՆ առեւտուրի ծաւալը 171.7 միլիոն տոլար էր։

Երեւանի ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն միշտ անդրադարձաւ ԱՄՆ-ի կողմէ Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու հարցին։ Հայաստանի Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Գարայեան յայտնեց, որ ներկայիս կը փորձեն կանխատեսումներ եւ վերլուծութիւններ ընել, թէ ինչ կը սպասէ երկրին Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու հետեւանքով։ Նախարարը յիշեցուց, որ Ռուսաստան միշտ ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուի՝ որպէս Հայաստանի հիմնական տնտեսական գործընկեր։ «Այժմ վերլուծութիւններ կը կատարուին, քանի որ տակաւին այդ արդիւնքները մենք չունինք, ես չեմ փափաքիր խօսիլ որոշ թիւերու մասին», ըսաւ Գարայեան։

Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեանն ալ յայտնեց, որ ստեղծուած պայմաններուն ներքեւ անհրաժեշտ է խորացնել արդէն գոյութիւն ունեցող տնտեսական կապերը եւ նոր կապեր ստեղծել։ Իր խօսքերով, ակնյայտ է, որ Ռուսաստանի տնտեսութեան մէջ տեղի ունեցած բացասական երեւոյթները անդրադարձ կ՚ունենան բոլոր հարեւաններուն վրայ, ներառեալ Հայաստանը։ «Պէտք է առաջնորդուիս քու շահերով։ Աշխարհ երբեք սեւ եւ սպիտակ չէ եղած։ Որեւէ առճակատման պարագային իւրաքանչիւր երկիր պէտք է առաջնորդուի իր շահերով, սակայն յստակ պէտք է պահպանէ միջազգային խաղի կանոնները։ Ես կը յիշեցնեմ այն իրավիճակը, երբ շատ խոր առճակատման մէջ էին Իրան եւ ԱՄՆ, նոյնիսկ կային այնպիսի պատկերացումներ, թէ ռազմական գործողութիւններ կրնային սկսիլ։ Մենք այն ժամանակ եւս որեւէ ընտրութիւն չենք կատարած։ Մենք ազնիւ եղած ենք մեր տեղին վրայ, ունեցած ենք բնականոն յարաբերութիւններ թէ՛ ԱՄՆ-ի եւ թէ Իրանի հետ։ Առաջնայինը այն է, որ դուն յստակ գիտակցիս քու շահուն եւ առաջնորդուիս քու շահերով՝ միւս կողմէ պահպանելով միջազգային խաղի կանոնները», ըսաւ Շաւարշ Քոչարեան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017