ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ «ՈՍԿԷ ՆՈՒՌ» ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Մոսկուայի Յեղափոխութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ապրանքներու «Ոսկէ նուռ» փառատօնի բացման արարողութիւնը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ամենամեայ այս միջոցառումը կազմակերպուած է Մոսկուայի մէջ Երեւանի քաղաքապետարանի եւ Մոսկուայի Արտաքին տնտեսական ու միջազգային յարաբերութիւններու բաժնի օժանդակութեամբ:

«Փառատօնը Մոսկուայի տօներու շարքին մէջ անմոռանալի եւ պայծառ իրադարձութիւն է: Սա գեղեցիկ եւ բարի աւանդութիւն մըն է, որու զարգացման նպաստած են Մոսկուան եւ Երեւանը: «Ոսկէ նուռ»ը Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ բարեկամութեան խորհրդանիշն է», ըսած է բացման հանդիսութեան ընթացքին Մոսկուայի կառավարութեան ներկայացուցիչ Սերկէյ Չերեոմին։

Անոր խօսքով՝ փառատօնին կը մասնակցին ոչ միայն Մոսկուայի բնակիչները, այլ նաեւ տարբեր քաղաքներէ եկած հիւրեր, որոնք կրնան համտեսել հայկական խոհանոցի բարիքները, լսել ազգային երաժշտութիւն, մասնակցիլ վարպետութեան դասերոն եւ գնել յուշանուէրներ եւ ապրանքներ Հայաստանէն:

Սեպտեմբերի 14-17 թուականներու միջեւ Մոսկուայի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Ոսկէ նուռ» փառատօնը: Միջոցառման մասնակիցները  կրնան ծանօթանալ հայկական երաժշտութեան, ազգային պարերու պատմութեան հետ, ինչպէս նաեւ մասնակցիլ վարպետութեան դասերու, որոնց ընթացքին կը սորվեցնեն պարել քոչարի եւ եարխուշտա: Տօնավաճառին մէջ կը ներկայացուին նաեւ Հայաստանէն բերուած սննդամթերք, ոսկերչական իրեր, յուշանուէրներ եւ այլն:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017