Ֆրան­չիս­կոս. «Ա­ղօ­թե­ցէք Ին­ծի Հա­մար»

Պէյրութի մէջ, 2017-ին լոյս տեսաւ Սարգիս Նաճարեանի «Ֆրանչիսկոս. աղօթեցէք ինծի համար» հատորը, բաղկացած՝ 138 էջերէ: Գիրքը կը բացուի Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի սրտի խօսքով:

Յառաջաբանին մէջ Սարգիս Նաճարեան կ՚ըսէ, որ գիրքը հրատարակուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ընտրութեան երրորդ տարեդարձին եւ ծննդեան ութսունամեակին առիթով: Գիրքին նպատակն է պապին վարքին, գործին եւ խօսքին ընդմէջէն հայ հասարակութեան աւելի մօտէն ծանօթացնել կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետը: Գիրքին մէջ ամփոփուած յօդուածները մեծ մասամբ լոյս տեսած են հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Մասիս» պարբերաթերթին մէջ:

Նաճարեան կ՚ըսէ, որ իր ընտրութեան յաջորդած երեք տարիներուն, աշխարհ վկան եղաւ Սուրբ Պետրոսի 266-րդ յաջորդին արտասովոր եւ արտակարգօրէն աշխոյժ գործունէութեան, որ յատկանշուեցաւ աննախընթաց, ոմանց համար հաճելիօրէն զարմանալի, ուրիշներուն համար՝ ապշեցուցիչ գործելաոճով մը, երկար ճամբորդութիւններով՝ հակառակ յառաջացած տարիքին, այնպիսի յորդորներով, յանձնառութիւններով ու արարքներով, որոնք, բոլոր պարագաներուն տակ, հաւատացեալներու ուղղակի սրտին խօսեցան, ցնցեցին համաշխարհային հանրային կարծիքը եւ ոչ միայն քրիստոնեաներուն, այլ մինչեւ իսկ անհաւատներուն եւ Վատիկանի հետ կապ չունեցող շրջանակներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեցին եկեղեցւոյ վրայ: Ընդդէմ ամէն տեսակ շահագործումի եւ ի խնդիր խաղաղութեան, հաւասարութեան եւ ընկերային արդարութեան անոր խիզախումներուն մէջ ոմանք չարամտօրէն փորձեցին տեսնել համայնավարական հակումներ:

Նաճարեան կը շարունակէ ըսելով, որ վատիկանեան ներքին ճակատին վրայ, Ֆրանչիսկոս ցուցաբերեց բարենորոգչական յանդուգն կեցուածք: Չվարանեցաւ հրապարակաւ քննադատելու եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, հեղինակութիւնը, վարկն ու համբաւը խնդրոյ առարկայ դարձնող երեւոյթները, արարքներն ու դէպքերը, ասոնց հեղինակները՝ եկեղեցական թէ աշխարհական ինչ մակարդակի վրայ ալ գտնուին անոնք: Հրաւիրեց քահանաները իրենց գրասենեակներէն դուրս գալու եւ երթալու դէպի ժողովուրդը: Թէ՛ հոգեւորականները եւ թէ աշխարհականները զգուշացուց կղերապաշտութենէ: «Աշխարհականը, որքան ալ եկեղեցւոյ մօտ եւ բարեպաշտ ըլլայ, աշխարհական պէտք է մնայ: Ան իր ուժը կը քաղէ իր մկրտութենէն: Քահանան չի կրնար կատարել աշխարհականին դերը: Սուրբ հոգին երբեմն կը ներշնչէ քահանային ընել բան մը, երբեմն ալ աշխարհականին» ըսաւ ան եւ շեշտեց հովուական խորհուրդներուն կարեւորութիւնը: Իր խոնարհութեամբ, աղքատութեամբ, մերձաւորութեամբ լքուած, հալածուած, գաղթական ու շահագործուած մասսաներուն, իր ողորմածութեան ու գթասրտութեան կոչերով գրաւեց սիրտերը: Յաճախ պապական փրոթոքոլը կամ սովորութիւնները խախտելու գնով՝ պապական պատուանդանէն իջնելով պապը մատչելի անհատականութիւն դարձուց հաւատացեալներուն, եկեղեցին մօտեցուց ժողովուրդին եւ մանաւանդ աղքատներուն ու զրկեալներուն, ընկերութեան մոռցուած ու անտեսուած դասակարգերուն:

«Վատիկանեան աւանդութիւններուն համար անսովոր գործելաոճ մը» ենթախորագիրին տակ Նաճարեան կ՚ըսէ, որ շրջանցելով ամէն աւանդական ձեւակերպութիւն եւ վատիկանեան փրոթոքոլին պարտադրանքները, առաջին յիսուսեան պապը իր ընտրուած պահէն սկսեալ բանիւ եւ գործով ցուցաբերեց վատիկանեան աւանդութիւններուն համար անսովոր գործելաոճ մը, որ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ «հովուական մեծ անկիւնադարձի մը» սկզբնաւորութիւնը նկատուեցաւ կարդինալ Մարգ Ուլլեթին կողմէ:

Հեղինակը կը նշէ, որ Վատիկանի պալատի պերճաշուք դահլիճներուն փոխարէն նախընտրելով տեղաւորուիլ յարակից աւելի համեստ հիւրանոցին մէջ, իր նախորդներէն զգալիօրէն նուազ պահպանողական իր կեցուածքներով եւ իր նուազ զուսպ, աւելի արդիահունչ ու խիզախ արտայայտութիւններով՝ նորընտիր քահանայապետը «հաճելիօրէն զարմացուց» կաթողիկէ կամ ոչ-կաթողիկէ բայց հաւատացեալ եւ մինչեւ իսկ ոչ-հաւատացեալ հասարակութիւնները:

Նաճարեան կը շեշտէ ըսելով, որ պապը համարձակութիւնը ունեցաւ անդրադառնալու եկեղեցիէն ներս յառաջացած յոռի երեւոյթներուն: «Չէ՞ք ամչնար» հարց տուաւ ան յայտնապէս ակնարկելով կղերներու կողմէ գործածուած մանկապղծութեան եւ փտածութեան բազմաթիւ գայթակղութիւններու: «Այս քահանաները, եպիսկոպոսները, աշխարհականները ոչ մէկ կապ ունէին Աստուծոյ հետ: Անոնք պարզապէս պաշտօն մը միայն ունէին եկեղեցւոյ մէջ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս, ոչ մէկ արգելք տեսնելով մեղաւորներու հետապնդումին արդարադատութեան կողմէ եւ թելադրելով այդ յոռի երեւոյթներու դարմանումին ուղղուած քայլերը: Նման արտայայտութիւններով, ան աւելի պայծառացուց ու թափանցիկ դարձուց կաթողիկէ եկեղեցւոյ դիմագիծը:

Սարգիս Նաճարեան կ՚ըսէ, որ իր գահակալութեան օրը իբրեւ քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի անուան որդեգրումը կը նախանշէր Պենետիկտոս ԺԶ.ի յաջորդին քահանայապետութեան վարքագիծը: Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին, ԺԲ.-ԺԳ. դարերուն մեծահարուստ վաճառականի մը որդին, երես դարձնելով հօրենական հարստութեան՝ որուն ժառանգորդն էր եւ հրաժարելով աշխարհիկ կեանքէն, աղքատութիւն ուխտած եւ ամբողջ կեանքը աղքատներուն, լքեալներուն, անօգնական դասակարգին ծառայութեան նուիրած սուրբն է, հիմնադիրը Ֆրանչիսկեան միաբանութեան: Ան ցնցոտիներ հագած մուրալով ծառայած է աղքատներուն: Չէ վարանած գրկելու բորոտները: Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին նաեւ ռահվիրան է միջկրօնական երկխօսութեան:

Նաճարեան կը նշէ ըսելով, որ Ասսիզացի սուրբին օրինակով գործած էր կարտինալ Պերկոլիօ Պուէնոս Այրէսի մէջ: Անոր օրինակով կը շարունակէ գործել ան սրբազան քահանայապետ ընտրութենէն ետք ալ՝ սակայն այս անգամ ընդարձակելով իր հովուական ծառայութեան դաշտը, իր հոգատար ուշադրութեան առարկան դարձնելով համայն աշխարհի թշուառութեան մէջ տուայտող միջավայրերն ու լուսանցքայ-նացուած դասակարգերը, անօգնական, հիւանդ, իրաւազրկուած, անտեսուած մարդիկը, Արդարութեան ու ճշմարտութեան տենչացող ժողովուրդները:

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակումին մասին խօսելով Նաճարեան կ՚ըսէ, որ դարեր ամբողջ, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին պաշտամունքի ու սիրոյ առարկան եղաւ միայն հայ ժողովուրդին, մինչդեռ անոր քրիստոսանման վարքը, լայնախոհ, Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտի պատշաճ մտածողութիւնը, հաւատքի ապրումը, համայն մարդկութեան մեղքերուն քաւութեան տառապանքը, Սուրբ հոգիէն ներշնչուած աղօթքները, բարեպաշտական զգացումները, առանց հատուածականութեան կամ անջատողականութեան հակումներու ընդհանրական եկեղեցւոյ ուղղադաւան վարդապետութեան հաւատարմութիւնը՝ որուն համար հալածուեցաւ իր ժամանակակիցներուն կողմէ, անոր աստուածաբանական եւ հոգեմտաւոր վաստակին ընդհանրականութիւնը՝ 10-րդ դարուն ապրած այս հայ սուրբը կը դարձնեն արժանի Քրիստոսի բոլո՛ր հաւատացեալներու սիրոյն ու պաշտամունքին:

Այդ սիրոյն ու պաշտամունքին արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ զինք տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին որոշումը, որ արդիւնքն է տասնեակ մը տարիներու վրայ երկարող խստապահ ու բարդ գործընթացի մը:

Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի գործունէութեան առընչուող տարբեր տեղեկութիւններ, անոր ուխտագնացութիւնը Հայաստան, Քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակին առիթով Վատիկանի եւ Հայաստանի մէջ ոգեկոչումները, ինչպէս նաեւ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին Հայաստան ուխտագնացութիւնը:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017