«ՀԻՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՏ ԿՈՒ ԳԱՆ»

Թուրքիոյ եւ Յունաստանի զինուորական պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եզրափակուեցան Պրիւքսելի մէջ։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ թեքնիկ բնոյթով այս ժողովներուն յաջորդը նախատեսուած է վաղը։ ՆԱԹՕ-ի հրամանատարական կեդրոնէն ներս կազմակերպուած այս բանակցութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին՝ արեւելեան Միջերկրականի առկայ լարուածութեան տեսակէտէ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, կողմերը կ՚աշխատին տարանջատման եզրերու վրայ։

Արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւններուն տեսակէտէ կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ Եւրոմիութեան այս ամսավերջի գագաթաժողովը, որ նախատեսուած է 24-25 սեպտեմբերին։ Այս կարեւոր ժողովին ընդառաջ, Անգարա եւ Աթէնք դիւանագիտական գետնի վրայ բազմակողմանի հանդիպումներով եւ խտացեալ շփումներով հանդէս կու գան։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իտալիոյ վարչապետ Քոնթէի հետ։ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսն ալ Աթէնքի մէջ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Միցոթաքիս պատրաստակամութիւն յայտնեց Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան հաստատման ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, Թուրքիայէն շօշափելի քայլ մը տեսնելու պարագային Աթէնք պատրաստ պիտի ըլլայ անմիջապէս բանակցութիւններու ձեռնարկելու՝ ծովերու իրաւասութեան սահմանները ճշդելու առաջադրութեամբ։ Միցոթաքիսի խօսքով՝ Միջերկրականը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ամբողջ Եւրոպայի անվտանգութեան տեսակէտէ եւ այս առումով իր երկիրը բաց է երկխօսութեան։ Յունաստանի վարչապետը մատնանշեց, որ ներկայիս ամբողջ Միջերկրականի տեսակէտէ նուրբ ժամանակաշրջան մըն է։ Թուրքիոյ հետ ծագած տագնապը ո՛չ միայն Յունաստանի, այլեւ՝ Եւրոմիութեան աշխարհաքաղաքական եւ ռազմավարական շահերուն կը սպառնայ։

Իր կարգին, Շարլ Միշելն ալ նշեց, որ արեւելեան Միջերկրականի պարագային զօրակցութեան մէջ են Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի հետ։

Նոյնպէս երէկ, Աթէնքի մէջ էր նաեւ Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրիւ, որ հիւրընկալուեցաւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի կողմէ։ Երկու երկիրները ներկայիս կը ձգտին ի կատար ածել՝ նախապէս իրենց միջեւ գոյացած բացառիկ տնտեսական գօտիի վերաբերեալ համաձայնութիւնը։ Եգիպտացի պաշտօնակիցը հիւրընկալելու ժամանակ Տենտիաս նշեց, որ Լիպիոյ տագնապը պէտք է կարգաւորուի առանց արտաքին միջամտութեան, լիպիացիներու կողմէ։ 

Միւս կողմէ, Եւրոխորհրդարանի ընդհանուր ժողովէն ներս երէկ քննարկում մը տեղի ունեցաւ արեւելեան Միջերկրականի առկայ իրադարձութիւններուն եւ Թուրքիոյ կողմէ առնուած քայլերուն շուրջ։ Այս առթիւ ելոյթ մը ունեցաւ ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել։ Քննարկման ընթացքին յանձնակատարը մատնանշեց, որ արեւելեան Միջերկրականէ ներս Թուրքիոյ ազդեցութիւնը կը բարձրանայ։ «Հին կայսրութիւնները ետ գալ սկսած են։ Անոնցմէ մին ալ Թուրքիան է։ Չենք կրնար Թուրքիոյ հետ հակադրուելով խնդիրներուն լուծում գտնել», ըսաւ Պորել։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020