ԱՊՐԱՀԱՄ ԼԻՆՔՈԼՆԻ ՄԱԶԱՓՈՒՆՋԸ

Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմակերպուած աճուրդի մը ընթացքին Ապրահամ Լինքոլնի մազափունջը վաճառուած է 81 հազար տոլարով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 16-րդ նախագահ Ապրահամ Լինքոլնի (1809-1865) մազափունջը 81 հազար տոլարով վաճառուած է աճուրդով: Այս մասին հաղորդած է Associated Press գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Պոսթոնի RR Auction աճուրդատան տուեալները: Ապրահամ Լինքոլն գլուխէն կրակոցով մահացու վիրաւորուած է 1865 թուականի ապրիլի 14-ին, Ուաշինկթընի Ֆորտի թատերասրահին մէջ, յաջորդ առաւօտեան ան մահացած է:

Սպանութիւնը գործադրած է դերասան Ճոն Ուիլքս Պութ: 5 սանթիմեթրնոց մազափունջը նախագահի գլուխէն կտրած է զայն զննած բժիշկը: Ան այդ մէկը ծրարած է երկրի պաշտպանական գերատեսչութեան հեռագրով, ուր ըսուած էր պետութեան ղեկավարի սպանութեան մասին, ինչպէս նաեւ անոր վրայ գրած՝ «Ա. Լինքոլնի մազերը»:

Համավարակի մեկուսացման օրերուն կազմակերպուած աճուրդի ընթացքին այդ հնութեան գինը, որ կը ներառէր Լինքոլնի մազերը՝ ծրարուած անոր սպանութեան մասին արիւնոտած հեռագրով, փորձագէտներու գնահատումներով, պէտք է հասներ 75 հազար ամերիկեան տոլարի: Սակայն եզրափակիչ արժէքը գերազանցած է մասնագէտներու ակնկալիքները եւ կազմած՝ 81 հազար 250 տոլար: Գնորդի անունը չեն յայտնած: Մահուընէ յետոյ 155 տարի վերջ Լինքոլն իր հայրենակիցներու պաըկերացումներուն մէջ կը մնայ մեծ անձնաւորութիւն: Հարցումները ցոյց կու տան, որ ամերիկացիներու մեծ մասը Ապրահամ Լինքոլնն ու Ճոն Քենետին կը համարեն մեծ նախագահներ ԱՄՆ-ի պատմութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020