ՀԱՄԵՐԳԱՇՐՋԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՄԵԿՆԱՐԿ

Երեւանի մէջ, «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը, որ երաժշտասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ դարձաւ։ Այս երեկոյթը բնորոշեց Հայաստանի Պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի նոր համերգաշրջանի սկիզբը։ Հարկ է նշել, որ սա Հայաստանի Պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի 15-րդ համերգաշրջանն է, իբր այդ ներկայ եղանակը կը համարուի յոբելենական։ Երէկուան հանդիսաւոր համերգին ժամանակ նուագախումբը հանդէս եկաւ գեղարուեստական ղեկավար Սերկէյ Սմբատեանի մականին ներքեւ։ Նուագախումբի 15-րդ համերգաշրջանին նախատեսուած է բաւական ծանրաբեռնուած ծրագիր մը։ Այս ամբողջին մաս կը կազմեն  նաեւ արտասահմանի մէջ ելոյթներ, ընդհանուր թիւով շուրջ հինգ տասնեակ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020