ՊԱՆԻՐԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Սիրած զբաղմունքէ գործարարութիւն. Insider անդրադարձած է հայկական պանիրի արտադրութեան աւանդութիւններուն։ Ինչպէ՞ս կը պահպանուի Ճամբարակ գիւղին մէջ Հայաստանէ ներս պանիրի պատրաստման հինգ հազար տարուայ աւանդութիւնը. «Insider» անդրադարձած է Հայաստանի մէջ պանիրի պատրաստման աւանդութիւններուն՝ ներկայացնելով «մոթալ» պանիրը: Յօդուածի հեղինակը, հիւրընկալւելով Ճամբարակ գիւղին մէջ, պանիրի արտադրութեամբ զբաղող Ռուսլան Թորոսեանի օգնութեամբ, մանրամասն կը ներկայացնէ պանիրի պատրաստման աւանդութիւնները, փորձագիտութիւնը:

«Իմ մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը զբաղած են այս պանիրի արտադրութեամբ: Այն մեր տարածքաշրջանին բնորոշ պանիր է: Ցաւօք, վերջին տարիներուն այն յայտնուած է կորստեան եզրին: Շատ քիչեր կը զբաղէին, քանի որ շատ աշխատատար է», ըսած է Ռուսլան Թորոսեան։ Ան պատմած է, որ ընտանիքին մէջ կ՚որոշեն վերակենդանացնել այս գործը: Ճանապարհորդելով Հայաստանի մէջ, հանդիպելով բազմաթիւ ագարակապաններու հետ, զանազան համագործակցութիւններու արդիւնքին Ռուսլան Թորոսեանի ընտանիքը սկսած է զբաղիլ «մոթալ» պանիրի արտադրութեամբ: Մանրամասն ներկայացնելով պանիրի արտադրութեան պատրաստութիւնը՝ Ռուսլան Թորոսեան կը նշէ, որ շուկայի վրայ սպառումը այդքան մեծ չէ, քանի որ ան թանկ է:

«Այս գործի մէջ կարեւորութիւնը այն է, որ պէտք է սիրես զայն: Մեր պարագային նախասիրութիւնը դարձաւ գործարարութիւն, կարողացանք, սիրուած զբաղմունքի միջոցով որոշ եկամուտ ստանալ», աւելցուց Ռուսլան Թորոսեան:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020