«ՀԱՅ ԵՐԳՈՎ 40 ՏԱՐԻ». ՊԱՐԹԵՒԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՄԵՐԳԸ

Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ համակրելի երգիչ Պարթեւ Կարեանի համերգը։ Ինչպէս ծանօթ է, ներկայիս Պարթեւ կը նշէ իր երաժշտական գործունէութեան 40-ամեայ յոբելեանը՝ «Հայ երգով քառասուն տարի» կարգախօսով։ Սա Պարթեւի յոբելենական շրջանի երկրորդ համերգն էր։ Առաջինին նման այս մէկն ալ արժանացաւ երաժշտասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Պարթեւ Կարեան նոյնացաւ իր համակիրներուն հետ՝ սրահէն ներս ստեղծելով բարձր տրամադրութիւն։

Յայտագրի ընթացքին Պարթեւ հանդէս եկաւ «Առագաստ» նուագախումբին եւ զուգերգներու համար ալ՝ մեր բեմերու նոյնպէս համակրելի անուններէն Մարալ Աթամանի հետ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018