ԱՐՑԱԽԻ ԳՈՅԱՄԱՐՏԻ ՀԵՐՈՍՆԵՐԷՆ ԱՐԱՅԻԿ ԽԱՆԴՈՅԵԱՆ ԹԱՂՈՒԵՑԱՒ «ԵՌԱԲԼՈՒՐ»Ի ՄԷՋ

Արցախի պատերազմի հերոսներէն Արայիկ Խանդոյեան շաբաթավերջին յուղարկաւորուեցաւ Երեւանի մէջ։ «Միայնակ գայլ» անունով ծանօթ Արայիկ Խանդոյեան վերջերս զոհ գացած էր սրտի տագնապի մը։ Երեւանի Կոնտ թաղամասի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ իր հոգեհանգիստն ու յուղարկաւորութիւնը։ Արայիկ Խանդոյեան թաղուեցաւ «Եռաբլուր» նահատակաց պանթէոնին մէջ։ Թաղման կարգին հանդիսապատեց հայկական զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018