ԴԷՊԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի կարեւոր իրադարձութիւնները կը շարունակուին՝ մինչ երկիրը կ՚ընթանայ դէպի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։

Երեւանի մէջ այս առաւօտ կառավարութիւնը արտահերթ ժողով մը գումարեց՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Երէկ յայտարարուած էր, որ տեղի պիտի ունենար այս արտահերթ կառավարական նիստը եւ կ՚ակնկալուէր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։

Այս առաւօտեան արտահերթ նիստը տեւեց բաւական կարճ։ Մօտաւոր ապագային քանի որ շարք մը նախարարներ, մարզպետներ կամ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ դուրս թողուած էին կառավարութեան կազմէն՝ այս առաւօտեան ժողովին ժամանակ այդ ամբողջ պաշտօններուն համար կատարուեցան նշանակումներ։ Այսինքն կառավարութեան կազմը վերջնականօրէն համալրուեցաւ։ Նիկոլ Փաշինեան ժողովի ընթացքին նախարարներուն խօսք ուղղելով ըսաւ, որ հայ ժողովուրդի ներուժը պէտք է ներգրաւել Հայաստանի զարգացման գործին մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, վարչապետը տեղեկացուց, որ այս երեկոյ հանդէս կու գայ կարեւոր յայտարարութիւնով մը։

Ըստ երեւոյթին, Նիկոլ Փաշինեան այսօր երեկոյեան ժամերուն կը յայտարարէ իր հրաժարականը։ Ակնյայտ է, որ սա ձեւական հրաժարական մը պիտի ըլլայ՝ նոր խորհրդարանի մը կազմաւորումը ապահովելու նպատակով։ Արդարեւ, արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ձեռնարկելը Հայաստանի քաղաքական կեանքէն ներս դարձած է հրատապ եւ երկիրը մօտաւոր անցեալին յետյեղափոխական մթնոլորտի մէջ այս առումով տագնապ մը ապրած էր։

Նիկոլ Փաշինեան այս հրաժարականով կը ջանայ արտահերթ ընտրութեան ճամբան բանալ՝ ըստ Սահմանադրութեան տրամադրութիւններով։ Արդարեւ, Հայաստանի Սահմանադրութիւնը կը նախատեսէ վարչապետի հրաժարելէն վերջ տասնհինգ օրուան պարբերութիւնով երկու քուէարկութիւն կատարել՝ նոր վարչապետի ընտրութեան եւ նոր կառավարութեան մը ձեւաւորման համար։ Եթէ նոր վարչապետ մը չընտրուի, ապա ուղղակիօրէն տեղի կ՚ունենան արտահերթ ընտրութիւններ։ Այս վարկածի հիման վրայ տեղի կ՚ունենայ Փաշինեանի հրաժարականը։ Վերջին շրջանին ան բաւարար երաշխիքներ ապահոված է՝ որպէսզի խորհրդարանէն ներս վարչապետի այլ թեկնածու մը չառաջադրուի։ Այսպէսով, ներկայ կառավարութեան մականին ներքեւ երկիրը պիտի ձեռնարկէ ընտրութիւններու։ Որքան որ ալ ապահովուած ըլլան զանազան երաշխիքներ, ակնյայտ է, որ Հայաստան նուրբ ճանապարհէ մը կ՚անցնի։

Թէեւ իրավիճակը իր տեսակէտէ վերահսկելի է, սակայն Նիկոլ Փաշինեան վերջին շրջանին ներքին քաղաքական կեանքին մէջ կը դիմագրաւէ որոշ դժուարութիւններ։ Մասնաւորապէս հանրապետութեան նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեան սուր քննադատութիւններ կը հասցէագրէ իրեն։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018