ՓՈՄՓԷՕ ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ այս օրերուն պիտի այցելէ Թուրքիա։ ԱՄՆ-ի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աղբիւրները հաղորդեցին, որ պետական քարտուղար Փոմփէօ ներկայիս Սէուտական Արաբիա կ՚այցելէ։ Այս այցելութեան հիմնական նպատակն է զբաղիլ՝ կորստեան մատնուած լրագրող Ճեմալ Քաշըքճըի վերաբերեալ հանգամանքներով։ Ծանօթ է, որ Սէուտական Արաբիայէն այդ լրագրողը կ՚աշխատակցէր ամերիկեան մամուլին եւ շուրջ երկու շաբաթ առաջ կորստեան մատնուած էր՝ Իսթանպուլի մօտ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանը մտնելէ վերջ։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորին հետ հեռաձայնով զրուցեց այս խնդրին շուրջ։ Մայք Փոմփէոն ալ ներկայ իրավիճակին մէջ մեկնեցաւ Ռիատ։

Կը հաղորդուի, որ Ռիատի շփումները աւարտելէ վերջ Մայք Փոմփէօ պիտի գայ Թուրքիա։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018