ՄԵԾՆ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՇԱՀԵԿԱՆ ԳԻՐՔ ՄԸ

«Birzamanlar» հրատարակչութիւնը ներկայիս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտական ժառանգութեան վերաբերեալ գիրք մը, որու համահեղինակներն են՝ Մելիսսա Պիլալ եւ Պուրճու Եըլտըզ։ Այս գիրքին հրատարակութիւնը կը համընկնի Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանին։ «Kalbim O Viran Evlere Benzer» կը կոչուի գիրքը, որ կ՚ընդգրկէ նաեւ ճոխ եւ յատկանշական տեսողական առարկաներ։ Օսման Քէօքէրի կողմէ հրատարակութեան պատրաստուած է այս գիրքը, որուն համար իրենց աջակցութիւնը բերած են «Անատոլու քիւլթիւր»ը, «Փրինս Քլաուս» հիմնարկը եւ «Քալան»ը։

Կոմիտաս Վարդապետ Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի զանազան երկիրներուն մէջ ծաւալած էր երաժշտական գործունէութիւն։ Ան հայ երաժիշտ մը եւ երաժշտաբան մըն էր եւ այս գիրքը լոյս կը սփռէ իր կեանքին ու գործունէութեան, ակադեմական բնոյթով աւանդին վրայ։ Կոմիտասի Իսթանպուլի տարիներն ալ խոշորացոյցի տակ կը բերէ սոյն գործը՝ նամակներով եւ յիշատակներով։ Ազգագրաերաժշտագէտներ՝ Մելիսսա Պիլալ եւ Պուրճու Եըլտըզ այս գիրքին համար հեղինակած են արժէքաւոր գիտական յօդուածներ, որոնց շնորհիւ Կոմիտասի կողմէ կատարուած համադրական աշխատանքներն ու հետազօտութիւնները կը բիւրեղանան պատմական ֆոնի մը վրայ։

Այսպիսի գիրքի մը հրատարակութիւնը եւ անոր Կոմիտասի 150-ամեակի յոբելենական շրջանին զուգադիպիլը կարեւոր կը համարուի՝ անոր թողած ժառանգութեան արժեւորման եւ Թուրքիոյ հասարակութեան կողմէ Կոմիտասի վերաբերեալ ընկալումներու կատարելագործման տեսակէտէ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2019