ՆՊԱՏԱԿԱՍԼԱՑ ՔԱՅԼԵՐ

Թուրք զինեալ ուժերու «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւններու յաջող ընթացքին զուգահեռ՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն։ Մինչ բանակը Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտի մը ստեղծելու առաջադրութեամբ ազդու հարուածներ կու տայ ահաբեկչական լծակներուն դէմ, Սուրիոյ բանակի զօրամիաւորումները վերջին օրերուն մուտք գործեցին Մենպիչ։ Ներկայ հրատապ մթնոլորտին մէջ այս իրադարձութիւնը կը համարուի շատ կարեւոր։ Ռուսաստանի կողմէ խրախուսուած Սուրիոյ բանակի զօրամիաւորումներու Մենպիչ մուտքը նոր վիճակ մը կը համարուի Սուրիոյ պատկերին վրայ։ Վերջին օրերուն արդէն կը նախատեսուէր, որ Թուրք զինեալ ուժերը գործողութեան մը պիտի ձեռնարկեն նաեւ Մենպիչի համար։ Եթէ հաշուի առնուի նաեւ Անգարայի եւ Դամասկոսի ղեկավարութիւններուն միջեւ երկար ժամանակէ ի վեր շարունակուող ցրտութիւնը, ապա ա՛լ աւելի լաւ կը բիւրեղանայ այս բոլորին նշանակութիւնը։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ այս իրավիճակին մէջ հանդէս եկաւ շատ ուշագրաւ յայտարարութիւններով։ Դէպի Պաքու այցելութենէն վերադարձին, լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ Էրտողան հերթական անգամ խօսեցաւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն շուրջ եւ յայտնեց, որ եթէ ահաբեկչութիւնը պիտի ջնջուի, ապա թող Սուրիոյ բանակը մուտք գործէ Մենպիչ։ Նախագահը ըսաւ. «Վարչախումբի Մենպիչ մուտք գործելը ինծի համար շատ ալ ժխտական պարագայ մը չէ։ Վերջին հաշուով անոնց տարածքներուն մասին է խօսքը։ Սակայն ինծի համար կարեւոր է այնտեղ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն չմնալը։ Փութինին ալ ըսի։ Եթէ Մենպիչը ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն կը մաքրագործէք, ապա հրամեցէք՝ այստեղի ամբողջ լոժիստիքն ալ դուք ապահովեցէք եւ կամ վարչախումբը թող ապահովէ։ Սակայն եթէ պիտի չկարողանաք ընել, այնտեղի ցեղախումբերը մեզմէ կը պահանջեն՝ ապահովել իրենց փրկութիւնը»։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, նախագահ Էրտողանի եւ իր ռուս պաշտօնակցին՝ Վլատիմիր Փութինի միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը։ Երկու ղեկավարները որոշեցին յառաջիկայ օրերուն հանդիպում մը ունենալ Մոսկուայի մէջ։

Մէկ կողմէ գործողութիւնները դաշտի վրայ կը շարունակուին ամբողջ թափով, իսկ միւս կողմէ դիւանագիտական հարթութեան վրայ Անգարա հանդէս կու գայ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններով։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Նախագահ Էրտողանն ալ երէկ խօսեցաւ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքի յարաբերութիւններուն մասին։ Ան ըսաւ. «ԱՄՆ կը յամառի կէտի մը վրայ, ըստ որու նախ պէտք է հրադադար հռչակուի եւ միւս նիւթերը պէտք է խօսուին աւելի վերջ։ Ես Թրամփին ըսի, որ այդպէս չ՚ըլլար։ Նախ պիտի համաձայնինք, աւելի վերջ պիտի խօսինք հրադադարի մասին»։

Մինչ այդ, կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ օրերուն ամերիկեան պատուիրակութիւն մըն ալ այցելէ Անգարա, քննարկելու համար Սուրիոյ իրադարձութիւնները եւ «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւններուն ընթացքը։

Երէկուան դրութեամբ, Թուրք զինեալ ուժերը ահաբեկիչներէ ազատած են Ռեսուլայնի մերձակայ երեք գիւղ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2019