ՇԻՆԻՉ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան այցելեց Եշիլգիւղի սանուց միութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան ընդառաջ թեկնածու սրբազանները կը մէկտեղուին մեր համայնքի անդամներուն հետ ու կը փորձեն անոնց հետաքրքրութիւնը յագեցնել՝ մեր համայնքի տեսանելի ապագային վերաբերեալ։ Այս ամբողջին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մասնաւորապէս կը կարեւորէ մեր սանուց միութիւնները եւ պարբերական այցելութիւններով կը ջանայ զգալ մեր երիտասարդութեան զարկերակը։ Եշիլգիւղի սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան նոյն ծիրէն ներս ասուլիս մը կազմակերպուած էր Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Նորին սրբազնութիւնը եւ իր շարք մը համախոհները ներկայ գտնուեցան ձեռնարկին։ Սա թէեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ նախատեսուած զրոյց մը, կամ ասուլիս մըն էր, սակայն նորին սրբազնութիւնը սրահին մէջ այնպիսի մթնոլորտի մը ծնունդ տուաւ, որ մեր համայնքային հրատապ օրակարգի հարցերուն շուրջ բազմակողմանի քննարկման, կարծիքի վառ փոխանակումներու մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ։ Զանազան տարիքային խմբաւորումներէ ներկայացուցիչներ հնարաւորութիւն ունեցան իրենց զգայնութիւններն ու ակնկալութիւնները օրակարգի վրայ բերելու։ Նորին սրբազնութիւնը սպառիչ պատասխաններ տուաւ բոլոր հարցումներուն եւ այս ծիրին մէջ պարզեց իր շինիչ մօտեցումները համայնքային առկայ հարցերու լուծման հեռանկարներուն կապակցութեամբ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեր համայնքի առկայ բոլոր թնճուկները կը դիտարկէր հայրական բարձրութենէ մը, ինչ որ կը համարէր յառաջիկային մեր համայնքէն ներս միասնականութեան վերականգնման գրաւականը։ Մասնաւորապէս ուշագրաւ էր ասուլիսի երիտասարդ մասնակիցներու աշխուժութիւնը, ինչ որ մեծ ուրախութիւն պատճառեց թէ՛ նորին սրբազնութեան եւ թէ սրահի բոլոր ներկաներուն։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յաջողեցաւ երիտասարդներուն հետ անմիջական երկխօսութիւն մը հաստատել եւ անոնց հարցումներուն տուաւ մանրամասն պատասխաններ։

Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մերսոպ Արք. Մութաֆեանի տիրամայրը՝ Մարի Մութաֆեան։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խոր յուզումով եւ մեծ ուրախութեամբ ողջունեց տիրամայր Մարի Մութաֆեանի ներկայութիւնը։ Նորին սրբազնութիւնը, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն կը պատրաստուի մեր երանաշնորհ երեք նախկին պատրիարքներուն՝ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի, Գարեգին Արք. Գազանճեանի եւ Շնորհք Արք. Գալուստեանի հետ գործակցած ըլլալու փորձառութեամբ՝ խորապէս տպաւորուեցաւ այդ ներկայութենէն։ Տիրամայր Մարի Մութաֆեանի մասնակցութեան շնորհիւ ձեռնարկի մթնոլորտին մէջ ա՛լ աւելի արդարացան, ա՛լ աւելի խոր նշանակութիւն ստացան հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի վերաբերեալ փոխանցուած յիշատակները, յիշողութիւնները եւ զինքը բարոյական ուղեցոյց մը նկատելու ուղղեալ բանաձեւումները։

Երկարատեւ ասուլիսի աւարտին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան իր օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն, որոնք արձակուեցան Տէրունական աղօթքով։ Յաջորդած անմիջական զրոյցներուն ժամանակ եւս Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յորդորեց պաղարիւնութեամբ, յարգանքով ու եղբայրսիրութեան ոգիով յառաջ տանիլ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը, որպէսզի մեծ հաշուով մեր համայնքին համար ձեռքբերումի մը վերածուի այս շրջանը։

Եշիլգիւղի սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհին եւ իր գործակից ընկերներն ալ ասուլիսի աւարտին թէյասեղանով մը պատուեցին սրբազանը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2019