ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱՅՑ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ներկայիս տարածքաշրջանային այցելութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի շարք մը արաբական երկիրներ։ Ռուս ղեկավարի ուղեւորութեան առաջին փուլը հանդիսացաւ Ռիյատ, ուր ան հիւրընկալւեցաւ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարութեան կողմէ։  Փութին աւելի վերջ անցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Ապու Տապիի մէջ ան երէկ հիւրընկալուեցաւ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Զահիտ էլ Նահեանի կողմէ։ Հանդիսաւոր արարողութիւնով ու մեծ պատիւներով դիմաւորուեցաւ ռուս ղեկավարը։

Փութինի այս ուղեւորութեան ընթացքին ընդհանրապէս խոշորացոյցի տակ կ՚առնուի հիմնական երկու նիւթ։ Անոնցմէ մին է նաւթի սակագիները, իսկ միւսը՝ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները։ Ռուսաստան եւ Իրան Սուրիոյ պարագային կը պաշտպանեն Պեշար Էսատի վարչախումբը։ Իսկ Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մաս կը կազմեն հակառակ առանցքին։ Այս բոլորով հանդերձ, վերջին շրջանին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ վերաբացաւ Դամասկոսի իր դեսպանութիւնը։ Շատ սակաւաթիւ արաբական երկիրներու կողմէ այս շրջանին առնուած է նման քայլ մը։

Գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Զահիտ էլ Նահեան յայտնեց, որ Փութինի այցելութիւնով երկու երկիրներու ռազմավարական համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ խոր ազդեցութիւն մը կ՚ակնկալուի։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2019