ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Անգարա եւ Մոսկուա անմիջական շփման մէջ մնալ կը շարունակեն։ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ անխափան կապ կը պահուի տարածքաշրջանի կացութեան շուրջ՝ ամենաբարձր մակարդակի քննարկումներով։ Երէկ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Չավուշօղլու-Լաւրով հեռախօսազրոյցը յաջորդեց երկու երկիրներու նախագահներուն՝ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ նախընթաց օր տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին։ Հարկ է նշել, որ Էրտողան եւ Փութին Արցախի պատերազմի վերսկսելէն ի վեր ունեցած էին առաջին անգամ ուղիղ խօսակցութիւն մը։ Այդ զրոյցէն անմիջապէս վերջ երէկ տեղի ունեցաւ Չավուշօղլու-Լաւրով հեռաձայնային տեսակցութիւնը։ Նախարարները քըն-նարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Չավուշօղլու կանգ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին, Հայաստանի կողմէ կատարուած հրադադարի խախտումներուն, քաղաքացիական բնակչութեան թիրախաւորման եւ Ատրպէյճանի Թերթեր քաղաքին մէջ յուղարկաւորութեան մը մասնակիցներուն ենթարկուած յարձակման վրայ։ Մոսկուայի աղբիւրներու հաղորդումներով, հեռախօսազրոյցի ընթացքին Լաւրով եւ Չավուշօղլու ընդգծած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի միայն խաղաղ ճանապարհով։ Ըստ ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներուն, առարկայականօրէն քըն-նարկուած է իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ։ Չավուշօղլու եւ Լաւրով ընդգծած են, որ խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի։ Անոնց համոզմամբ, անհրաժեշտ է անշեղօրէն կատարել՝ անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան պահանջները։ Չավուշօղլու եւ Լաւրով նաեւ կարեւորած են հրադադարը անյապաղ վերահսկելու եւ համապատասխան հսկողութեան դրութիւնը համաձայնեցնելու կարեւորութիւնը։ Ընդգծուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս բանակցային գործընթացի վերսկսման ուղղեալ քայլերու շուրջ պայմանաւորուելու կարեւորութիւնը՝ իրական արդիւնքներու հասնելու նպատակով։

Լաւրովի հետ զրուցելէ վերջ Չավուշօղլու հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Անգարա-Մոսկուա առանցքի այս սերտ կապին զուգահեռ, Ռուսաստան այլ ուղղութիւններով ալ աշխատանք կը տանի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ուտէյնքօ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ։ Քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Կողմերը մտահոգութիւն յայտնեցին ռազմական գործողութիւններու շարունակուելուն եւ զոհերու թիւի բարձրանալուն բերումով։ Երկու դիւանագէտները ընդգծեցին անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան բոլոր դրոյթներու կատարման կարեւորութիւնը, նախեւառաջ հրադադարը պահպանելու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ բովանդակային բանակցութիւններու վերսկսման անհրաժեշտութիւնը։

Մոսկուայէն երէկ օրուան տեւողութեան ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարներու յայտարարութիւնները հնչեցին Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան մասին։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա կրկնեց հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի հաստատման անհրաժեշտութիւնը՝ յիշեցնելով անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը։ Ըստ իրեն, այս պահուն անհրաժեշտ է անյապաղ հանդիպում մը կազմակերպել զինուորականներու միջեւ եւ համաձայնեցնել հրադադարի հաստատման դրութիւնները։ «Ինչ կը վերաբերի քաղաքական կարգաւորման հեռանկարներուն, ապա համոզուած ենք, թէ սա անհրաժեշտ է։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ մշակուած առաջարկները կը շարունակեն մնալ բանակցութիւններու սեղանին վրայ։ Անոնց բովանդակութիւնը համապատասխան է շրջաններու աստիճանաբար ազատումին՝ անվտանգութեան պահպանման, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ յուսալի կապի ապահովման երաշխիքներու պարագային, որովհետեւ տակաւին չէ որոշուած Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը», ըսաւ Զախարովա։ Բաց աստի, ռուս բանբերը շեշտեց, որ այսօրուան դրութեամբ առաջնահերթ նպատակներն են արիւնահեղութեան լիակատար դադրեցումը եւ բանակցային գործընթացին անցումը։ Զախարովա նշեց, որ ռուսական կողմը այս ուղղութեամբ բազմիցս կոչ ուղղած է շահագրգիռ բոլոր կողմերուն։

Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքովն ալ երէկ հերթական անգամ պատասխանեց այն հարցումին, թէ Ռուսաստան պատրա՞ստ է խաղաղապահներ ուղարկել Լեռնային Ղարաբաղ։ Ըստ Փեսքովի, խաղաղապահներու տեղակայումը հնարաւոր է միայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հաւանութեան պարագային։ Արդարեւ, խաղաղապահներու կամ դիտորդներու տեղակայման որեւէ պարագայ հնարաւոր է միայն կողմերու հաւանութիւնով։ Փեսքով նշեց, որ այս պահուն իրենք այդ պատասխանը չեն լսած։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ միւս երկիրներու մայրաքաղաքներէն՝ Ուաշինկթընէն եւ Փարիզէն ալ երէկ նոր յայտարարութիւններ լսուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յոյս յայտնեց, թէ հայերը կը կարողանան դիմակայել Ատրպէյճանի ըրածներուն դէմ։ Պետական քարտուղարը շատ վտանգաւոր համարեց վերջին իրադարձութիւնները։ «Հիմա մենք ունինք Թուրքիա, որ միջամտած ու միջոցներ տրամադրած է Ատրպէյճանին՝ մեծացնելով վտանգը եւ թէժացնելով Ղարաբաղի համար մղուող պատմական կռիւը. Լեռնային Ղարաբաղ կոչուած փոքրիկ վայր մը՝ շուրջ 150 հազար բնակչութեամբ։ Մենք կը յուսանք, թէ հայերը պիտի կարողանան դիմակայել Ատրպէյճանի ըրածներուն դէմ», ըսաւ Մայք Փոմփէօ եւ աւելցուց, որ բոլորը պէտք է կարողանան ճիշդ իրականացնել հրադադարը, յետոյ նստիլ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ եւ իրենց հարցերը պարզել։ Այս հակամարտութիւնը պատմական ու բարդ խնդիր մըն է։ Ամերիկացի պետական քարտուղարը կրկնեց, որ այս խնդիրը պէտք է լուծուի բանակցութիւններու միջոցաւ, ո՛չ թէ պատերազմի ճանապարհով, առաւել եւս՝ երրորդ երկիրներու միջամտութեամբ։

Փոմփէոյի վերջին օրերու իրերայաջորդ յայտարարութիւնները միշտ քննադատական շեշտ մը պարունակած են Թուրքիոյ պարագային։ Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ կ՚անդրադառնան այս երեւոյթին՝ նշելով, որ ան կը մեղադրէ Թուրքիան։ Մեկնաբանութիւնը այն է, որ ԱՄՆ կը հիւրընկալէ բաւական ազդեցիկ հայ համայնք մը, սակայն վերջին տարիներուն ամրապնդած է ռազմավարական յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ։ Ուաշինկթըն ցարդ անկողմնակալ մօտեցում մը ցուցաբերած էր իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ՝ բանակցութիւններու կոչ ուղղելով հակամարտ կողմերուն։ Փոմփէոյի յայտարարութիւններուն արձագանգեց նաեւ Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան։ Ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս գալով ան տեղեկացուց, որ կը բաժնէ Փոմփէոյի յոյսը։

Փարիզն ալ ստեղծուած իրավիճակին մէջ կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեան առարկայ պահել Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան երէկ յայտնեց, որ Թուրքիա հայութեան դէմ  պայքարի մէջ կը սատարէ Ատրպէյճանին։ «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան հաղորդումներով, ան դատապարտեց Անգարայի դերակատարութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական հակամարտութեան մէջ։

Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ հանդիպում մը ունեցան Փարիզի մէջ։ Եռակողմանի այս տեսակցութեան յաջորդած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Լը Տրիան նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային ռազմական յաղթանակ չ՚ըլլար, անհրաժեշտ է հրադադարը պահել։ Բաւական խիստ մեղադրանքներ հասցէագրելով Անգարային՝ ան ըսաւ. «Թուրքիան միակ երկիրն է, որ հրադադարի կոչ չ՚ըներ, չի փափաքիր հրադադարը յարգել եւ սա շատ մեծ վնաս կը հասցնէ»։ Փարիզէն այս քննադատութիւնները հնչեցին այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, երբ յիշեալ եռակողմանի ժողովի մասնակից նախարարները Միջերկրականի դիրքորոշման բերումով ալ կը դատապարտէին Թուրքիան։

ԻՐԱՆԷՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Միւս կողմէ, Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիփզատէ յայտնեց, որ երկրի իշխանութիւնները պիտի չհանդուրժեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասնակիցներուն կողմէ հասցուած կրկնակի հարուածները իրենց տարածքին ուղղութեամբ։ «Թեհրան անտարբեր պիտի չմնայ նման հարուածներու կրկնուելու պարագային», ըսաւ բանբերը եւ աւելցուց, որ սահմանամերձ շրջաններու բնակիչ Իրանի քաղաքացիներու անվտանգութեան ապահովումը առաջնահերթութիւն է երկրի զինեալ ուժերուն համար։

Իր կարգին, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆն ալ Ճէյհուն Պայրամովի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Թեհրան պատրաստ է աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման։ Ան հաստատեց Իրանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու աջակցելու պատրաստակամութիւնը։

Հայկական աղբիւրները արձագանգ հանդիսացան  նաեւ Իրանի Յեղափոխութեան պահապաններու հրամանատար զօրավար Ռակիմ Նոյէ Էղտամի յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց Թեհրան պատրաստակամ է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ահաբեկիչներու դէմ պայքարի։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020