ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՉԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի Հայաստանի գրասենեակը դատապարտեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս բոլոր տեսակի թիրախաւորումները, որոնք քաղաքացիական անձերու մահուան կամ վիրաւորման պատճառ կը դառնան։ Կարմիր խաչի Հայաստանի գրասենեակի հաղորդակցութեան ծրագրերու ղեկավար Զարա Ամատունի երէկ «Արմէնփրէս»ին յայտարարութիւններ ըրաւ՝ Հայաստանի տարածքէն ներս անօդաչու թռչող սարքի հարուածին հետեւանքով 14-ամեայ երիտասարդի մը տուժելուն կապակցութեամբ։ Զարա Ամատունի այսպիսի թիրախաւորումները համարեց խստիւ պախարակելի արարքներ։ «Իւրաքանչիւր դէպք ցաւալի է մեզի համար՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ այդ մասին հաղորդագրութիւն ստացած ենք կամ տեղւոյն վրայ աշխատելու ժամանակ տեսած ենք», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ կը շարունակեն ցաւով եւ անհանգստութեամբ հետեւիլ իրավիճակին։ Ըլլալով ոչ-քաղաքական կազմակերպութիւն՝ խախտումներ նկատելու պարագային Կարմիր խաչը կողմերու հետ խորհրդապահական երկխօսութեան շրջանակներու մէջ կը քննարկէ յաւելեալ ու բազմաթիւ հանգամանքներ։ Բայց եւ այնպէս, անվտանգութեան նկատառումներով միշտ չէ, որ կարելի կ՚ըլլայ հասնիլ համայնքներուն։ Ամատունիի խօսքով՝ վնասներու գնահատականները պիտի տրուին աւելի ուշ, երբ կարողանան այցելել համայնքներ եւ ֆիզիքապէս ներկայ ըլլալ այնտեղ։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի բանակի զինուորները երէկ գնդակահարեցին Արցախի երկու բնակիչ՝ մին 73, իսկ միւսը 25 տարեկան։ Ընկերային ցանցերու վրայ լայն տարածում գտած է համապատասխան տեսանիւթ մը։ Հայկական կողմը ահազանգ կը հնչեցնէ այս կապակցութեամբ։ Գնդակահարուած անձերը եղած են ձեւով մը գերեվարուած եւ բոլորովին անպաշտպան վիճակի մէջ ենթարկուած են այս ճակատագրին։

Արցախի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արտակ Բեգլարեան յայտնեց, որ պատերազմական յանցագործութեան հերթական ապացոյցն է ենթադրաբար հայ ռազմագերիներու գնդակահարումը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020