ԿՈՒԹԵՐԵՍ ԸՆԴԳԾԵՑ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՆՅԱՊԱՂ ԴԱԴՐԵՑՄԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Երեւանի դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած աննախադէպ լայնածաւալ բռնութեան հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ նախարարը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ զանազան տրամաչափով զինատեսակներու օգտագործմամբ Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու դիտաւորեալ թիրախաւորման առընչութեամբ։

Զրոյցի ընթացքին Զօհրապ Մնացականեան նշեց, որ Ատրպէյճան չի հնազանդիր անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան եւ կը շարունակէ թիրախաւորել խաղաղ բնակչութիւնը՝ պատճառելով մարդկային կորուստներ։ Ան ընդգծեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին դէմ Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններու անթոյլատրելիութիւնը։

Զօհրապ Մնացականեան նոյնպէս խոր մտահոգութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած բռնութեան Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան մասին։ Դրսեւորումներու շարքին է ռազմական անմիջական մասնակցութիւնը։ Մնացականեան խօսեցաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքէն Ատրպէյճան տեղափոխուած զինեալ ահաբեկիչներու հարցին շուրջ, ինչ որ լուրջ սպառնալիք մըն է տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան համար։

Մնացականեանի խօսքով՝ Ատրպէյճանի գործողութիւնները առաւել կ՚ընդգծեն Արցախի ժողովուրդի գոյութենական վտանգը եւ հրամայական կը դարձնեն զայն չէզոքացնելու ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան կողմէ գործօն ջանքերու ձեռնարկումը՝ ներառեալ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման եւ իր պատմական հայրենիքին մէջ ազատ ու արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի իրականացումը։

Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուց նաեւ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական կացութիւնը։ Ան առանձնայատուկ կարեւորեց ՄԱԿ-ի եւ անոր համապատասխան մարմիններուն կողմէ մարդասիրական աջակցութեան հասանելիութեան անյապաղ ապահովումը տեղւոյն վրայ՝ մեղմելու համար Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան տառապանքները եւ արձանագրելու անոր առաջնահերթ կարիքները՝ ՄԱԿ-ի նպատակներու ոգիին համաձայն։

Իր կարգին, Անթոնիօ Կութերես մտահոգութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս իրադրութեան վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ։ Ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման եւ խնդրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու վերսկսման կարեւորութիւնը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020