ՄԻՇՏ ԾԱՆՐ ՄԱՐՏԵՐ

Արցախի ճակատէն միշտ ծանր մարտերու վերաբերեալ լուրեր կը հասնին։ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին նոյն թափով՝ մարդկային մեծ ողբերգութեան մը համայնապատկերին վրայ։ Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի աղբիւրները կը հաղորդեն զանազան լուրեր, որոնք թէեւ իրարու կը հակադրուին, սակայն կը ցոլացնեն մետայլի երկու երեսակներուն ստեղծուած մարդասիրական աղէտը։ Պաքուի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ հայկական զօրքերը Ատրպէյճանի Թերթեր քաղաքին մէջ թիրախաւորած են գերեզման մը, ուր քաղաքայիններ կը կատարէին թաղում մը։ Դէպքին հետեւանքով չորս հոգի մահացած, չորս հոգի ալ վիրաւորուած է։ Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանան այս լուրերուն՝ նշելով, որ թաղումները գիշերուան ժամերուն կատարուիլ սկսած են Ատրպէյճանի մէջ։ Զուգահեռաբար կը հաղորդուի նաեւ, որ հայկական զօրքերը նահանջի մէջ են։

Այս հաղորդումները, անշուշտ չեն համընկնիր հայկական կողմէն կատարուած հաղորդումներուն հետ։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի բանակը երէկ շարունակեց հրթիռակոծել Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտն ու այլ բնակչութեան կեդրոններ։ Այդ ռմբակոծումներուն ժամանակ կը թիրախաւորուին քաղաքացիական ենթակառուցուածքները իսկ երբեմն անխուսափելի կը դառնան զոհերն ու վիրաւորները։ Ստեփանակերտի վրայ հրթիռներու տարափը սկսած է երէկ կէսօրուան ժամերէ սկսեալ՝ յաջորդելով վերջին երկու օրերու յարաբերաբար հանգիստ կացութեան։

Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան մանրամասնութիւններ հաղորդուեցան՝ օրուայ ընթացքին ճակատին վրայ ապրուածներուն կապակցութեամբ։ Այսպէս Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ ընդհանուր առմամբ իրավիճակը կը շարունակէ ծանր մնալ։ Վաղ առաւօտեան ժամերէ սկսեալ Ատրպէյճան նախաձեռնած է յարձակողական գործողութիւններու՝ քանի մը ուղղութիւններով։ Օրուան ողջ տեւողութեան յամառ մարտերը ընթացած են՝ մասնաւորապէս հարաւային ուղղութեամբ։ Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի, Ատրպէյճան ունի զգալի թիւով կորուստներ։ Որոշ բնագիծերու վրայ հայկական զօրքերը կասեցուցած են յարձակումները։ «Ատրպէյճան կը կիրառէ չափազանց մեծ քանակութեամբ ուժեր, յատկապէս հետեւակներ, անդադար յարձակող խումբեր, անդադար հրետանային կրակ եւ ռազմաօդային ուժերու զանազան միջոցներ», ըսաւ Արծրուն Յովհաննիսեան եւ աւելցուց, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը կը կարողանայ դիմակայութիւն ցուցաբերել բոլոր հատուածներուն մէջ։ Անշուշտ, Ատրպէյճան, իր հերթին, կը շարունակէ միշտ յայտարարել, թէ հայկական կողմը կը խախտէ հրադադարը։ Յովհաննիսեան նշեց, որ Արաքսի մերձակայ տարածքէն ներս յատկապէս մեծ մարտեր տեղի ունեցած են, իսկ Քարվաճառի շրջանը յարաբերաբար աւելի թեթեւ իրավիճակ մը կայ։

Երէկ գիշերուան այս հրապարակումներէն վերջ, Արծրուն Յովհաննիսեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն ալ առաջնագծի իրադարձութիւններուն շուրջ ըրաւ հաղորդումներ։ Ըստ իրեն, վաղ առաւօտեան Ատրպէյճան մօտաւորապէս ժամ մը խտացեալ ձեւով հրթիռակոծութիւն կատարելէ վերջ լայնածաւալ յարձակման ձեռնարկած է ռազմաճակատի հիւսիսային ուղղութեամբ։ Ան ընկերային ցանցերու վրայ կատարած գրառման մէջ ընդգծեց, որ քանի մը անգամ յարձակման ալիքներով Ատրպէյճան փորձած է գրաւել հայկական դիրքերը, սակայն Պաշտպանութեան բանակի հմտութեան շնորհիւ ետ քաշուած է՝ կրելով զգալի մեծ կորուստներ։ Սոյն տեղեկութիւններուն զուգահեռ հայկական կողմը միշտ կը թարմացնէ իր կորուստներուն վերաբերեալ համալրուած անուանացանկերը։

Մինչ այդ, Հայաստանի վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Վաղարշակ Յարութիւնեան, որ երկրի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն մին է, երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց «Արմէնփրէս» գործակալութեան սրահին մէջ։ Ան այս առթիւ յայտնեց, որ պատերազմի առաջին օրը Ատրպէյճան կը ծրագրէր շրջափակել Արցախը, սակայն այդ ծրագիրը տապալած է։ «Ատրպէյճան չհասաւ առաջի օրուայ իր նպատակին։ Հիմա ալ կը փորձէ նոյն բանը իրականացնել, սակայն չի յաջողիր», ըսաւ Վաղարշակ Յարութիւնեան։

Միւս կողմէ, հայկական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Արցախէն այս շրջանին զանազան ընտանիքներ կը հաստատուին Հայաստանի շարք մը քաղաքներուն մէջ՝ ներառեալ Երեւանը։ Այսպէս, մայրաքաղաքէն ներս հաւաքական կացարաններ կը ստեղծուին ապաստանեալներուն համար։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020