ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՄԵՐ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾՆ Է»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց. «Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը մեզի համար կարմիր գիծ է, զոր մենք չենք կրնար անցնիլ»։ Մինչ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի, Նիկոլ Փաշինեան երէկ հարցազրոյց մը տուաւ «Ռասիա Սեկոտնիա»ին։ Այս առթիւ ան դիտել տուաւ, որ շատ բարդ իրավիճակ մը ստեղծուած է Արցախի մէջ։ Երկու կողմերն ալ շատ զոհեր ունին։ Արցախի Ինքնապաշտպանական բանակը կ՚ապահովէ պաշտպանութիւնը, կը կազմակերպէ պաշտպանութիւնը եւ իրավիճակը բաւական բարդ է։

Հարցումի մը պատասխանելով Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ Ատրպէյճանի բանակի շարքերուն մէջ ընդգրկուած վարձկաններու խնդրին մասին արդէն ամբողջ աշխարհ կը խօսի։ «Սա շատ կարեւոր մանրամասնութիւն մըն է եւ կարեւոր է նաեւ այն պատճառով, որ կ՚օգնէ հասկնալ, թէ ո՛վ եւ ի՛նչ նկատառումներով սկսած է ռազմական գործողութիւններու։ Կան յստակ ապացոյցներ, թէ Սուրիայէն զինեալներ ու ահաբեկիչներ կը մասնակցին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ պատերազմին», ըսաւ ան։ Ըստ Փաշինեանի, այս երեւոյթի հիմնական պատճառներէն մին այն է, որ Ատրպէյճանի բանակը ընդունակ չէ առանձինն պատերազմիլ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնապաշտպանական բանակին դէմ։ Նոյն հարցումին պատասխանելով ան փոխանցեց նաեւ տեղեկութիւններ, ըստ որոնց ռազմական գործողութիւններուն ներգրաւուած են նաեւ Փաքիստանի բանակէն յատուկ ջոկատներ։

Ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով՝ Փաշինեան պարզաբանած է անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ հրապարակուած համաձայնութեամբ յիշատակուած կարգաւորման հիմնարար սկզբունքները։ Ըստ Փաշինեանի, անոնք բոլորին յայտնի են։ Սա ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքն է, ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառումը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը։ «Խնդիրը այն է, թէ կողմերը ի՞նչպէս կը մեկնաբանեն այս սկզբունքները, որովհետեւ բանակցային գործընթացին ժամանակ պարզուած է, որ զանազան կողմեր տարբեր ձեւով կը մեկնաբանեն այս սկզբունքները։ Եւ այժմ մենք ունինք իրավիճակ մը, երբ այս շատ կարեւոր սկզբունքներէն մէկը արդէն խախտուած է։ Ես արդէն խօսեցայ անոր մասին՝ չկիրառել ուժ կամ ուժի սպառնալիք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման համար», շարունակեց Փաշինեան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ վարչապետը մատնանշեց, որ Հայաստան պատրաստ եղած է փոխադարձ զիջումներու։ «Մենք պատրաստ ենք այնպիսի համամասնական փոխադարձ զիջումներու, որոնց պատրաստ է Ատրպէյճան», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ հայկական կողմի կարմիր գիծն է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը։

Ծաւալուն մեկնաբանութեան մէջ Փաշինեան մատնանշեց, որ այժմ գործընթացը արդէն դուրս եկած է Լեռնային Ղարաբաղի տեղական հակամարտութեան շրջանակէն, ներկայիս տեղի կ՚ունենայ ձեւափոխում։ Ըստ իրեն, Թուրքիա կը փափաքի ամբողջ Հարաւային Կովկասը առնել իր հսկողութեան տակ՝ բացուելու համար դէպի հիւսիս, դէպի արեւելք եւ դէպի հարաւ-արեւելք։ Այս իրավիճակը արդէն կ՚առընչուի բազմաթիւ երկիրներու ազգային անվտանգութեան շահերուն հետ՝ ներառեալ Ռուսաստանը։ Ըստ Փաշինեանի, սա շատ կարեւոր հանգամանք մըն է, որ պէտք է ռուսական կողմի գնահատականին արժանանայ։ Անգարային հասցէագրած ծանր մեղադրանքներուն զուգահեռ՝ Փաշինեան ըսած է հետեւեալը. «Հիմա ակնյայտ է, որ Թուրքիան է այս պատերազմին գլխաւոր հովանաւորը»։

«RTS» ռուսական հեռուստակայանին ալ տուած հարցազրոյցին մէջ Փաշինեան յայտնած է, որ յստակ յայտարարութիւններ եղած են, ըստ որոնց, եթէ իրավիճակը վատթարանայ, ապա Ռուսաստանն ու ՀԱՊԿ-ն պիտի կատարեն իրենց պարտաւորութիւնները Հայաստանի համար։ Ըստ Փաշինեանի, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա պէտք է աջակցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի կայունացման ուղղեալ Ռուսաստանի ջանքերուն։

«Հրադադարը ոչ թէ չէ պահպանուած, այլեւ նոյնիսկ չէ ալ եղած։ Արդարեւ, այն իսկ պահուն երբ հրադադարը ուժի մէջ պէտք է մտնէր՝ Ատրպէյճան նոր յարձակումներու սկսաւ։ Երբ խօսքը փոխադարձ զիջումներու մասին է, Հայաստան միշտ պատրաստ եղած է զանոնք կատարել։ Բայց զիջումներ պէտք է կատարուին երկու կողմէ։ Ատրպէյճան երբեք պատրաստ չէ եղած փոխադարձ զիջումներու եւ սա է պատճառը, որ իրավիճակը այսպէս կը զարգանայ։ Ատրպէյճան այսօր աւելի քիչ կը փափաքի այդ բանը ընել՝ մասնաւորապէս այն պատճառով, որ Թուրքիան կը ղեկավարէ գործընթացը», նշած է Փաշինեան յայտարարութիւններուն մէջ՝ միշտ քննադատութեան թիրախ դարձնելով Թուրքիան։

Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ երէկ ընկերային ցանցերու վրայ գրառում մը կատարելով շեշտեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ խափանարարել հրադադարը։ Արցախի ճակատի թէժ իրավիճակին մէջ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Արժանթինի Արտաքին գործոց նախարար Ֆելիփէ Սոլայի, Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լուիզ Ալմակրոյի, ինչպէս նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ։ Մնացականեան այս տեսակցութիւններու ընթացքին շեշտեց, որ Ատրպէյճանի գործողութիւնները Արցախի ժողովուրդին համար գոյութենական սպառնալիք կը ստեղծեն։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ հարցազրոյց մը տուաւ «The Critic» անգլիական պարբերականին։ «Թուրքիոյ բացառումը խաղաղութեան բանալին է Կովկասի մէջ։ Այս պատերազմը բազմաթիւ հայերու կը յիշեցնէ 105 տարի առաջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը», ըսած է Արմէն Սարգսեան՝ միշտ խոշորացոյցի տակ պահելով Անգարային հասցէագրուած քննադատութիւնները։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020